Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Տէր Եւ Տիկին Վարանդ Եւ Հուրի Մելքոնեաններ Միւռոնօրհնէքի Առիթով Կը Զօրակցին Դպրեվանքին

By July 1, 2022May 31st, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 30 Յունիս 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, որ ներկայիս կը գտնուի Անթիլիաս, հեռաձայն մը ստացաւ ամերիկաբնակ ազգային բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններէ, որոնք Առաջնորդ Սրբազանին ուրախութեամբ փոխանցեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ թէ Միւռոնօրհնէքի առիթով կը զօրակցին Դպրեվանքի ծրագիրներուն եւ միաժամանակ փափաքեցան, որ այս մասին տեղեակ պահուի նաեւ Վեհափառ Հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը:

Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Մելքոնեան ամոլին ցուցաբերած հոգածութիւնը Աթոռոյ Դպրեվանքին նկատմամբ՝ դիտել տալով, որ հոգեւոր հայ մարդ ու ապագայ ղեկավարներ պատրաստելու կոչուած Դպրեվանքին ընծայուած իւրաքանչիւր զօրակցութիւն ուղղուած է՝ հզօրացնելու հայ նոր ու գալիք սերունդներու մէջ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը, հայրենասիրական ոգին ու քրիստոնէական հաւատքը, եւ այս առիթով բարերար զոյգին մաղթեց առողջ կեցութիւն ու բարիի անբացակայ ներկայութիւն, անոնց գործերուն մէջ:

Close Menu

Categories