
Երեքշաբթի, 12 Յունուար 2021ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Տիար Նազարէթ Գեւոնեանին եւ իր դստեր՝ Թամարին։ Հիւրերը Սրբազան Հօր փոխանցեցին իրենց սրտագին բարեմաղթութիւնները եւ առ ի զօրակցութիւն Ազգային Առաջնորդարանի մշակութային ծրագիրներուն` 10 հազար տոլար նուիրեցին: