
Հինգշաբթի, 27 Մարտ 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց Լիբանանի Ազգային իշխանութեան տարիներու վաստակաշատ նուիրեալներներէն՝ Ազգային վարչութեան բազմիցս անդամ ու ատենապետ, ներկայիս՝ Թեմի Ազգ. երեսփոխան, իր վաղեմի բարեկամներէն՝ Տիար Րաֆֆի Սիսլեանը, ընկերակցութեամբ լոսանճելըսաբնակ երկու մանչ զաւակներուն:
Այցելու բարեկամը առաջին հերթին շնորհաւորեց՝ Գեղամ Արքեպիսկոպոսի Առաջնորդ ընտրութիւնը Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմին եւ Եպիսկոպոս ձեռնադրութեան 25-ամեակը, ապա ուրախութիւն յայտնեց ստեղծուած պատեհ առիթին համար, որ իբրեւ վաղեմի բարեկամներ դարձեալ կը հանդիպին իրարու, թէկուզեւ ծովերէն անդին:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր կարգին, հրճուանքով արտայայտուեցաւ իր սիրելի ընկերոջ-գործակիցին եւ անոր երիտասարդ զաւակներուն ի տես եւ ջերմօրէն զրուցեց անոնց հետ: Անցեալ տասնամեակներու հին ու քաղցր վերյուշներու ընդմէջէն, այցելուներն ու Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վկայակոչեցին անմոռանալի դէպքեր ու դէմքեր:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր օրհնութիւններն ու բարի մաղթանքները բաշխեց հիւրերուն եւ յորդորեց՝ շարունակել ծառայութիւն բերել յանուն Հայ Եկեղեցւոյ բարեզարդման եւ Լիբանանի հայկական ածուի առաւել բարգաւաճման: