Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Ճաշկերոյթ 2026 – Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Տիկին Անժել Մելքոնեանի Նուիրեց Բարձրբերդի Շքեղ Աւետարան Եւ Գնահատագիր

By December 19, 2025No Comments

Հինգշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինին, Stars on Brand ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ճաշկերոյթ-տօնավաճառը, որուն ներկայ եղան Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան, շրջանի Ազգային երեսփոխան՝ Տիար Յարութիւն Օտապաշեան, Ազգային միութիւններու եւ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ, Ազգ. Առաջնորդարանի մարդասիրական ծրագիրներու բարերարներ եւ հիւրեր, թիւով մօտաւորապէս 200 հոգի:

Կազմակերպիչ Մարմինի անունով բարի գալուստ մաղթեց փոխ ատենապետուհի՝ Տիկին Սօսի Կէօքէօզեան, որմէ ետք Մարմինի անդամ՝ Տիկին Մարալ Գլընճեան, կատարեց բացման խօսք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգ. վարչութեան անդամներուն եւ Ազգ. Առաջնորդարանի որոշումով պատուոյ հովանաւորութեան արժանացած ազնուափայլ Տիկին Անժել Մելքոնեանի ու իր հարազատներուն եւ հիւրերուն, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Թեմի զօրակից բարերար հայուհիներուն ու բոլոր ներկաներուն եւ միասնաբար ու միատեղ տօնական մթնոլորտ վայելելու բարի մաղթանք կատարեց:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր խօսքը թաթաւուն էր Արեւմտեան Թեմի բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու հասցէին ուղղուած գնահատանքի խօսքերով: Ան նախ վեր բարերար զոյգին ցուցաբերած եկեղեցաշէն ու ազգանուէր գործունէութիւնը համայնքի եւ ազգի կեանքէն ներս, ապա լուսաբանեց ներկաները՝ իր առաջարկով Տիկին Անժել Մելքոնեանը ճաշկերոյթի պատուոյ հովանաւոր նկատուելուն, ըսելով, որ իրենց բարերարութեամբ հանրածանօթ Վ. եւ Հ. Մելքոնեաններ մօտիկ անցեալին կատարեցին իշխանական նուիրատուութիւն եւ Քրեսենթա Հովիտի մէջ Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցին ստեղծեցին, ի յիշատակ իրենց հանգուցեալ հօր՝ Տիար Մելքոն Մելքոնեանի եւ ի սէր ու յարգանք իրենց սիրեցեալ մօր՝ Տիկին Անժել Մելքոնեանի:
Առաջնորդ Սրբազանի բառերով՝ «Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի Արեւմտեան Թեմ Հայրապետական այցելութեան նախօրեակին, բարերար զոյգը կատարեց անակնկալ նոր նուիրատուութիւն մը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ նորակազմ եկեղեցւոյ երեք խորաններուն շինարարական աշխատանքը ամբողջացնել ամէնէն արագ կերպով: Մելքոնեան ամոլի այս բարի գործին շնորհիւ, Արամ Ա. Կաթողիկոս, Քրեսենթա համայնքին տուած իր այցելութեան ընթացքին, յատուկ արարողութեամբ մը կատարեց աւագ խորանի օծումը», ըսաւ ան եւ նշեց, թէ՝ «Մելքոնեան ընտանիքի եկեղեցանուէր այս վարքին իբրեւ գնահատանք, մենք ուզեցինք գնահատել ընտանիքի մայր, եկեղեցաշէն եւ հայասէր դաստիարակ Տիկին Անժելը, որուն բարեպաշտական շնորհներն ու հայաշունչ դաստիարակութիւնը առաջնորդեցին իր զաւակն ու հարսը Քրեսենթա Հովիտի մէջ հայկական եկեղեցի կանգնեցնելու վսեմ գործին եւ Ազգային Առաջնորդարանի հաւանութեամբ, եկեղեցին կոչուեցաւ բարերար զոյգի մօր անունով»:
Իր խօսքի աւարտին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս, յատուկ գնահատագիրով մը Տիկին Անժելին նուիրեց Հայ Եկեղեցւոյ հազուագիւտ գոհարներէն, միջնադարու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կոստանդին Ա. Բարձրբերդցի Կաթողիկոսի ձեռագիր Աւետարանի պատճէնահանուած գեղեցիկ օրինակ մը, նկարուած՝ հայ նշանաւոր գրիչ՝ Կիրակոս Մանրանկարիչի վրձինով: Միաժամանակ, ան նաեւ գնահատեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի բծախնդիր աշխատանքը եւ յարատեւութիւն մաղթեց խումբին ու նման գեղեցիկ ձեռնարկներով ստեղծուած աւանդութեան:
Յայտնենք, որ տօնավաճառ-ճաշկերոյթի գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի երկրորդական կարգի աշակերտական խումբը, որ այս տարի եւս, Ս. Ծննդեան երգերով հանդէս եկաւ եւ տօնական ջերմ մթնոլորտ ստեղծեց ներկաներու հոգիներուն մէջ, առաջնորդութեամբ վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի՝ Տիկին Լուսինէ Մելիքսէթեանի, բեմավարութեամբ՝ Տիկին Կասիա Մահսէրէճեանի:

Աւանդական Կաղանդ Պապան եւս յայտնուեցաւ ճիշդ պահուն եւ ուրախացուց ներկաները, իսկ Lilia Dance Studio-ի աշակերկներն ու պարուսոյցը հանդէս եկան դասական պալէ պարով եւ հմայեցին ներկաները:

Տիկնանց Օժանդակ մարմինի կազմակերպութեամբ Ճաշկերոյթը նաեւ դարձաւ առիթ, որ ներկաները իրենց ամանորեան գնումները կատարեն սրահը եզերած կրպակներէ եւ իրենց սիրելիներուն համար գնեն նուէրներ:

Աւարտին, ներկաները Ս. Ծննդեան երգեր երգեցին եւ տօնական ջերմ մթնոլորտէն քաջալերուած՝ կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Close Menu

Categories