Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Տօնական Մթնոլորտ Տիրեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

By April 6, 2022June 4th, 2024No Comments

Կիրակի, 3 Ապրիլ 2022-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի «մուտն ի վիրապ» տօնին առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Ս․ Պատարագին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, սարկաւագներ, ուրարակիրներ եւ դպիրներ: Հոգեւոր արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամ տիար Կարպիս Պէզճեան, կազմակերպութեանց, միութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ հաւատացեալներ:

Եկեղեցւոյ մէջ կը տիրէր տօնական իւրայատուկ մթնոլորտ: Ներկաները ողջունելէ ետք, Թորգոմ Եպս. խօսեցաւ հոգեպարար պատգամ մը, որուն ընդմէջէն վեր առաւ Յիսուս Քրիստոսի անսպառ, անհատնում, անմար եւ ճշմարիտ լոյսը ըլլալու իրողութիւնը եւ հրաւիրեց ժողովուրդը Քրիստոսի լուսաւոր ճամբէն քալելու, այլեւ մեղքէն ու մեղքի որոգայթներէն հեռու մնալով՝ աստուածահաճոյ կեանք վարելու:

Աւարտին, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց տեղւոյն համայնքը եւ մաղթեց, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի բարեխօսութեամբ, աստուածային սէրը ամբողջական ներկայութիւն դառնայ համայնքի կեանքէն ներս, եւ մարդիկ իրարու հետ վարուին փոխադարձ սիրով, յարգանքով եւ եղբայրսիրութեամբ:

Close Menu

Categories