Կիրակի, 19 Յուլիս 2020ը, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնն է, որ նաեւ ծանօթ է Վարդավառ անունով։
Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի ուղղէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։
Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Նշենք, որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր մատուցած Ս. Պատարագը պիտի սփռուի նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի դիմատետրի էջէն։