Կիրակի, 16 Յունուար 2022ին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան համանուն եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատոյց, յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ ընթերցեց Ս․ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Կաթողիկոսի 2022 տարուան հռչակագիրը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ` Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, սարկաւագներն ու դպիրները։ Ներկայ էին շրջանի հոգեւոր, եկեղեցական, պատկան մարմիններու, միութեանց, ազգային, կրթական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ու հաւատացեալներ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հակիրճ կերպով խօսելէ ետք Ս. Յովհաննէս Կարապետի կեանքէն բխող արժէքներու մասին, հանդիսաւոր կերպով ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրը, որով 2022 տարին կը կոչէր «Սփիւռքի Տարի»։ Նորին Սրբութիւնը լուսարձակի տակ առած էր հայ ժողովուրդի սփիւռքացման հանգրուանները՝ դիտել տալով, որ արտագաղթը մնայուն երեւոյթ եղած է հայոց պատմութեան մէջ՝ թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ քաղաքական պատճառներով։ Խօսելով Սփիւռքի մասին, Նորին Սրբութիւնը մատնանշած էր, թէ «Սփիւռքը ինքնավախճան իրականութիւն մը չէ. ան իր տեսլականը պէտք է միշտ սեւեռած պահէ Հայաստանի ուղղութեամբ, որ ողնասիւնը կը կազմէ հայ ազգի ներկային ու երաշխիքը՝ անոր ապագային»։ Հայրապետը կարեւորած էր նոր ժամանակներու եւ մարտահրաւէրներու համահունչ ռազմավարութեան ձեռնարկումը, որուն մղիչ ուժը պէտք է դառնան Սփիւռքի պարզած ներկայ գոյավիճակին իրապաշտ արժեւորումը եւ ապա ծրագրումը։ Առ այդ, Հայրապետը թելադրած էր թեմական եւ համայնքային կառոյցներուն բարեկարգումներ եւ իրարու միջեւ ներդաշնակ գործակցութիւններ իրականացնել։ Այս աշխատանքին համար ան առաջարկած էր մթնոլորտի պատրաստութիւն, նախաձեռնութիւն եւ վերջապէս ծրագիրներու գործադրում։
Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէքի արարողութիւն: Ինչպէս անցեալ աւելի քան քառասուն տարիներուն, մատաղի պատրաստութեան ծախսերը այս տարի եւս հոգացած էր եկեղեցւոյ օծման կնքահայր Վահէ Կարապետեան։
Նշենք, որ նոյն օրը, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս ընթերցուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի «2022 – Սփիւռքի Տարի» հռչակագիրը։ Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան հայրապետական հռչակագիրը ընթերցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան՝ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։