
Չորեքշաբթի, 30 Յունիս 2021ի առաւօտեան, Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին եւ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ տեսակցութիւն ունեցան Փասատինայի Հայ Աւետարանական, Նազովրեցի, Եղբայրական եւ Եղբայրութիւն եկեղեցիներու հովիւները՝ գլխաւորութեամբ Վերապատուելի Ճօ Մաթոսեանի:
Այցելու հովիւները իրենց շնորհաւորանքը յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազանին՝ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանէն ներս իր ծաւալած քրիստոնէական ծառայութեանց համար: Իր կարգին, Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան բարձր գնահատեց այցելու հովիւներուն հոգեւոր ծառայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց աշխատանքներուն:
Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին ծաւալեցաւ մտերմիկ զրոյց, որուն ընթացքին արծարծուեցան քրիստոնէական արժէքներու, ժողովուրդի հոգեկան կարիքներու եւ աշխարհի մարդկութեան ներքին կեանքը յուզող հարցեր: Այս առիթով հիւրերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին կարելի բոլոր միջոցներով օժանդակութեան ձեռք մեկնելու տնտեսական ծանր պայմաններ դիմագրաւող լիբանանահայութեան: