Ինչպէս տեղեակ էք «Քորոնա» ժահրի համաճարակը օրէ օր աւելի ահազանգող եւ տագնապեցնող կը դառնայ։ Երկուշաբթի, 13 Յուլիս 2020-ին, Քալիֆորնիոյ կառավարիչ Նիուսըմ նոր սահմանափակումներ հրահանգեց, որուն համաձայն Ս. Պատարագները դարձեալ պիտի մատուցուին առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան։
Այսպէս, հետեւելով նորագոյն այս ցուցմունքներւն, Կիրակի, 19 Յուլիս 2020, Վարդավառի տօնէն սկսեալ, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներու մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցանուի դռնփակ։ Արարողութիւնները պիտի սփռուին առցանց իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ դիմատետրի էջով։ Նշենք նաեւ, որ Ս. Գրոց սերտողութիւններն ալ պիտի կատարուին առցանց։
Կը մնանք յուսալից, որ համաճարակի ահազանգային այս իրավիճակը կը սկսի վայրէջք արձանագրել ու բարելաւուիլ եւ Տիրոջ կամքով մեր ժողովական թէ գաղութային կեանքը կը մտնէ բնականոն հունի մէջ։