Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Քաղաքագէտ Փօլ Գրիգորեան Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

By April 1, 2022June 1st, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 31 Մարտ 2022-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Ազգ. Առաջնորդարան այցելեց եւ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքաքէտ եւ Լոս Անճելըս քաղաքի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան:

Հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց համայնքի կեանքէն ներս քաղաքական գործիչ Փօլ Գրիգորեանի ունեցած եզակի դերակատարութիւնը՝ յատկապէս Հայ Դատի, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի ի նպաստ տարուող աշխատանքներու ծիրէն ներս:

Իր կարգին, Փօլ Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր անձին եւ հայանպաստ աշխատանքներուն ցուցաբերուած ուշադրութեան համար, ապա տեղեկութիւն փոխանցեց ի նպաստ Արցախի իր գործունէութեան մասին:

Յայտնենք, որ Փօլ Գրիգորեանի կ՛ընկերակցէր իր օգնականը՝ Գարօ Թորոսեան։

Close Menu

Categories