
Կիրակի, 30 Մարտ 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց նոյնանուն եկեղեցւոյ մէջ, աւուր պատշաճի քարոզեց ու մատաղօրհնէք կատարեց, ապա, յետ արարողութեան, Ս. միւռոնով օծեց Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդ քառասուն մանուկները պատկերող սրբապատկերը, նուիրատուութեամբ եկեղեցւոյ ծառայողներէն՝ Տիար Մայքըլ Տուաեըրի: Ան սրբանկարը եկեղեցւոյ կը ձօնէ՝ ի յիշատակ իր հաւատացեալ ծնողաց:
Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Երէցեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Արարողութեան ներկայ եղան հոծ թիւով հաւատացեալներ, որոնց շարքին՝ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Կարօ Մատէնլեան, եկեղեցւոյ հիմնադիրներ, տեղական մարմիններու, յարակից միութիւններու անդամներ, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, շրջանի Ազգային երեսփոխաններ եւ բարերարներ:
Արդարեւ, եկեղեցւոյ տօնին առիթով, Օրէնճ Քաունթիի հայ համայնքը Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ ապրեցաւ հոգեպարար պահ: Անոր պատգամը հոգեթով էր եւ կը վերաբերէր ոչ թէ աշխարհի վրայ, այլ երկնքի՛ մէջ գանձեր դիզելու քրիստոնէական ապրելաձեւին: Բացատրելով աստուածաշնչեան այս առակը, Առաջնորդ Սրբազանը աւելցուց, որ մարդ իր կեանքին մէջ հետամուտ պէտք է ըլլայ իսկական արժէքներու տիրացման, այլ ոչ թէ անցողիկ եւ նիւթական հարստութիւն դիզելու համար վատնէ ամբողջ կեանք մը:
Իր խօսքին մէջ, նաեւ սուրբերը բերելով օրինակ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս դիտել տուաւ, որ անոնք ապրուած կենդանի օրինակներ են, որոնք յաւիտենական կեանքը երբ գտան, իրենց աշխարհիկ կեանքը զոհեցին, որպէսզի արժանի ըլլան մնայուն, հանդերձեալ կեանքին, ապա քրիստոնէութիւնը ազգային կրօնք դաւանելու հայ ժողովուրդի ապրելաձեւին ակնարկելով՝ նշեց, որ՝ «Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներու Հայաստանի հողին վրայ քարոզութեան օրերէն ի վեր, մեր ազգը գտած եղաւ երկնքի արքայութեան յաւիտենական գանձը եւ մինչ օրս իր ազգային-հաւաքական նոյն վարքագիծով կը շարունակէ ապրիլ՝ ի գին ամէն զոհողութեան կառչա՛ծ մնալով յաւիտենական արժէքներու»:
Յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց մատաղն ու նախագահեց հոգեհանգստեան պաշտօնին, որ կարդացուեցաւ եկեղեցւոյ հիմնադիր սերունդի անդամներէն առյաւէտ բաժնուածներու հոգւոցն խաղաղութեան համար, ապա իր շաքախումբով ուղղուեցաւ Ղուկասեան սրահ, ուր հանդիսապետեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով կազմակերպուած Սիրոյ սեղանին եւ իր հօտին հետ հաց կիսեց՝ աւելի եւս գեղեցկացնելով առիթը, ինչպէս նաեւ՝ նորոգ խանդավառութեամբ ու սիրով լեցնելով եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ եղողներուն սրտերը:
Այս առիթով, Տէր Գարեգին Քահանայ ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ իբրեւ շնորհակալութեան յիշատակ՝ անոր յանձնեց խմբանկար մը, որ վերցուած էր նոյնանուն եկեղեցւոյ 2024 տարեշրջանի Ս. գրային ճամբարի փակման հանդիսութենէն, նախագահութեամբ Գեղամ Արքեպիսկոպոսի: