Երկուշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2020ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը տիար Պետիկ Ֆերմանեանի, որ Ազգային Առաջնորդարան այցելած էր իր զօրակցութիւնը արտայայտելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր գործունէութեան եւ Առաջնորդարանի ծրագիրներուն: Ան իր եւ տիկնոջ՝ Մարօ Ֆերմանեանի, ինչպէս նաեւ իր եղբօր՝ Տէր եւ Տիկին Վաչէ եւ Լենա Ֆերմանեաններու եւ Ֆերմանեան ընտանիքի անունով տասը հազար ($10,000) տոլար նուիրեց Ազգային Առաջնորդարանին՝ ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մարդասիրական ծրագիրներու յաջողութեան: