Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Էնսինոյի Մէջ Հատեց Սարգիս Եւ Սիւզան Կիտցինեան Երիտ. Նոր Կեդրոնի Բացման Ժապաւէնը

By January 27, 2026No Comments

Կիրակի, 18 Յունուար 2026-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հանդիսապետեց Արեւմտեան Թեմի բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլի գլխաւոր բարերարութեամբ ստեղծուած եւ անունը կրող Էնսինոյի Երիտասարդական նոր կեդրոնի բացման հանդիսութեան եւ բարերար ամոլին ու շրջանի հերթապահ Րաֆֆի Սարգիսեանի ընկերակցութեամբ հատեց նոր կեդրոնի բացման կարմիր ժապաւէնը:

Հրաւիրեալներու շարքին էին Արեւմտեան Թեմի նախկին Առաջնորդներէն՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, Էնսինոյի Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, շրջանի ամերիկացի եւ հայ քաղաքական դէմքեր եւ պաշտօնատարներ, Հոգաբարձութեան եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ազգային կառոյցներու եւ յարակից միութիւններու անդամներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հիւրեր:

Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Կիտցինեան բարերար ընտանիքի եկեղեցաշէն ու հայանուէր գործունէութիւնն ու համայնքային կեանքի մէջ դերակատարութիւն ունեցող բոլոր ազգայիններուն ու բարերարներուն հայապահպանման նպատակով ցուցաբերած ճիգն ու նիւթաբարոյական աջակցութիւնը, շնորհաւորեց նոր կեդրոնի ստեղծման գաղափարն ու զայն իրականացնող բոլոր կողմերուն նուիրուածութիւնը, ապա օրհնութեան խօսքերով բարի երթ մաղթեց նորաշէն կեդրոնի գործունէութեան՝ ի նպաստ համայնքային կեանքի առաւել զարգացման ու վերելքին:

Close Menu

Categories