Չորեքշաբթի, 21 Ապրիլ 2021ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը հանրային վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու յանձնախումբի (CASPS) ներկայացուցիչներուն, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իրենց առաջադրանքներուն յաջողութեան ի նպաստ ցուցաբերած նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան համար, ապա յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեցին յանձնախումբի իրավիճակին ու գործունէութեան մասին:
Ծաւալեցաւ մտերմիկ զրոյց, որուն աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց CASPSի գործունէութիւնն ու հետապնդած նպատակները եւ յաջողութիւն մաղթեց հետագայ բոլոր ծրագիրներուն: