Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

CASPS-ի 24-րդ Տարեկան Հանդիսութիւն՝ Ի Պատիւ Կլենտէյլի Հանրային Վարժարաններէ Հայ Շրջանաւարտներուն

By June 4, 2020June 3rd, 2024No Comments

Կազմակերպութեամբ Հանրային Վարժարաններու Հայ Աշակերտներու Յանձնախումբին՝ CASPS-ին, Չորեքշաբթի, 3 Յունիս 2020-ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի հանրային վարժարաններէ հայ շրջանաւարտներու ի պատիւ 24-րդ տարեկան հանդիսութիւնը։

Երկրէն ներս ստեղծուած աննախընթաց պայմաններու պատճառաւ, այս տարուան հանդիսութիւնը բացառաբար կատարուեցաւ առցանց։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ CASPS-ի գործադիր տնօրէն Տիկին Արսինէ Յովհաննէսեանի բացման խօսքով։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան իր օրհնութիւններն ու շնորհաւորանքը փոխանցեց շրջանաւարտներուն։ Գլխաւոր բանախօսն էր հեռուստահաղորդավար Տիկին Արաքսիա Կարապետեան։ Խօսք առին Կլենտէյլի կրթական համակարգի վերահսկիչ Դոկտ. Վիվիըն Էքճեան եւ Ուսումնական խորհուրդի նախագահ Դոկտ. Արմինէ Կարապետեան։ Ապա, տեղի ունեցաւ գնահատագիրներու բաշխում, ինչպէս նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը աշակերտներու կատարողութեամբ։ Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ CASPS-ի անդամներու շնորհաւորական մաղթանքներով։

Close Menu

Categories