Մեր գաղութի եւ Ազգային Առաջնորդարանիս երկար տարիներու զօրակից բարերարներ Super King Markets-ի սեփականատէր Ֆերմանեան ընտանիքները, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումներուն հետեւանքով ստեղծուած աղիտալի իրավիճակին ի տես, սիրայօժար ընդառաջեցին Արեւմտեան Ամերիկայի Համագաղութային Խորհուրդի կոչին՝ 25,000 տոլարի իշխանական նուիրատուութեամբ զօրակցութեան խոստում մը կատարելով Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին։
Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն եւ գնահատանք յայտնեց Ֆերմանեան ընտանիքներուն իրենց շարունակուող զօրակցութեանց համար նշելով՝ «Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ֆերմանեան ընտանիքներուն, որոնց ազգանուէր ու եկեղեցաշէն նուիրաբերումները զանազան առիթներով վայելած են մեր գաղութն ու Ազգային Առաջնորդարանը իբրեւ իրենց հաւատքի գործնական արտայայտութիւն։ Տարբեր չէր կրնար ըլլալ այս անգամ եւս, երբ անվերապահօրէն ու առատաձեռն այս նուիրատուութեամբ իրենց բաժինը կը բերեն սփիւռքի կարեւոր այս գաղութի վերականգնումի աշխատանքներուն ու գաղութի զաւակներու ցաւերու ամոքման եւս։ Թող Աստուած բազմապատիկ վարձահատոյց ըլլայ անոնց բարեգործութիւններուն, ու իրենց ազնիւ արարքը իբրեւ օրինակ ծառայէ մեր բոլոր նուիրեալներուն»։
Այսու անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղենք կարելի փութով զօրակցութեան բաժին բերելու աստուահաճոյ այս նախաձեռնութեան։ Կարիքը հսկայ է եւ ժամանակը՝ սուղ։ Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք ուղարկել առցանց՝ www.hyeaidlebanon.org, www.facebook.com/hyeaidlebanon հասցէներուն միջոցաւ, կամ հեռաձայնելով 818-660-5453 թիւին։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ