Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի Պատարագ Կատարեց Եւ Քարոզեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ

By January 9, 2025January 17th, 2025No Comments

Կիրակի, 5 Յունուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ճրագալոյցի արարողութիւն կատարուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եւ ընթերցուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան պատգամը՝ հաւատացեալ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հոգիները լեցնելով աստուածային լուսառատ ապրումներով եւ նորոգ յոյսով:

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ճրագալոյցի Ս. եւ անմահ պատարագ մատոյց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ եւ քարոզեց՝ տօնին խորհուրդը սփռելով շրջանի հայութեան կեանքին մէջ:

Ճրագալոյցի արարողութեան սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգեցիկ խումբը: Հաւատացեալ ժողովուրդի շարքին էին շրջանի ազգային երեսփոխաններ, պատկան մարմիններու եւ միութեանց ներկայացուցիչներ։

Իր պատգամին մէջ վեր առնելով Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան աստուածաշնչեան դրուագը, Գեղամ Արքեպիսկոպոս անդրադարձաւ հրեշտակներու կողմէ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան՝ առ մարդիկ աւետման երեւոյթին եւ դիտել տուաւ, որ երկինքը այդ պահուն աշխարհի մարդոց փրկութեան բարի լուրն էր որ կ՛աւետէր եւ ուրեմն մեծ ուրախութեան մէջ էր, որովհետեւ, այսպէսով, Հայր Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրն էր, որ կեանքի կը կոչուէր:

Բացատրելով Խթումը, ան նշեց, որ տօնին նախորդող երեկոն պարտականութիւններու գիտակցութեան վերանորոգման առաջնորդող գիշերն է, եւ ինչպէս որ մոգերը ճամբայ ելան իրենց Փրկիչը՝ Մանուկ Յիսուսը նուէրներով դիմաւորելու, նոյնպէս ալ մենք՝ մարդերս, պէտք է որ բարեպաշտական մեր պարտականութիւնները ուրախութեամբ կատարենք՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան ուրախ տօնին առիթով:

Արարողութեան աւարտին, Ս. Ծննդեան աւետիսի հոգեպարար խորհուրդով առլցուն, բարեպաշտ ժողովուրդի զաւակներ՝ աղօթական ջերմեռանդութեամբ տոգորուած, Յիսուս Քրիստոսի խորհրդանիշ՝ օրհնուած մոմի լոյսով բոցավառ՝ մոմեր ու ճրագներ ի ձեռին փութացին լուսաւորել իրենց եւ իրենց սիրելիներուն տուները:

Close Menu

Categories