Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Հ.Հ. Ազգային Ժողովի Պատգամաւոր, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Անդամ Լիլիթ Գալստեանն Ու Ընկերակիցները

By January 30, 2026No Comments

Չորեքշաբթի, 28 Յունուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ՝ Տիկին Լիլիթ Գալստեանի, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի անդամ՝ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեանի, Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Տիար Կարօ Մատէնլեանի եւ անդամներու:

Հանդիպման ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներ, Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Տիար Կայծակ Զէյթլեան եւ Ազգ. վարչութեան դիւանապետուհի՝ Տիկին Քնար Գորթոշեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց այցելու հիւրը, ընկերակիցներն ու ներկաները, ապա մտերմիկ զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցեց Արեւմտեան Թեմի վերջին տարիներու իրագործումներուն մասին՝ շեշտելով, որ համայնքային կեանքի գործունէութեան դաշտերու ընդարձակման զուգահեռ, աւելցած են նաեւ կարիքները, որոնց բաւարարման համար Ազգ. Առաջնորդարանի հոգեւոր եւ աշխարհիկ պատասխանատու մարմինները, անձնակազմն ու մարդուժը ներկայիս լծուած են տքնաջան աշխատանքի:

Զրոյցի ընթացքին, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ վարչական երկու նուիրապետական կեդրոններով գործող Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր պատմութեան, գոյութենական իմաստին ու ազգային-հայրենասիրական նկարագիրին, ընդգծելով անոր դերն ու տեղը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Close Menu

Categories