Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ներկայ Եղաւ Հայկազեան Համալսարանի 70-Ամեակի Ճաշկերոյթին

By January 30, 2026No Comments

Շաբաթ, 24 Յունուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հիւրաբար ներկայ եղաւ Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան 70-ամեակի առիթով Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուած Կալա-ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ Իպել ճաշարանին մէջ:

Ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան Թեմի Ազգային վարչութեան Ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան, անդամ՝ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան եւ ամուսինը՝ Տիար Կայծակ Զէյթլեան, որ Կեդրոնական վարչութեան անդամ է, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Թեմի բարերար՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան:

Close Menu

Categories