
Արեւմտեան Թեմի Համայնքապետերու Մասնակցութեամբ Ս. Պատարագ Եւ Բարեխօսական Կարգ, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի հոգեւոր երեք համայնքապետերու մասնակցութեամբ, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ եւ Բարեխօսական կարգ կատարուեցաւ՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն:
Հոգեպարար Ս. Պատարագը մատուցեց Արեւմտեան Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեան, օրուան պատգամը փոխանցեց՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, որ այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նախ վեր առաւ աշխարհով մէկ ամէն տարի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման երեւոյթը՝ նախ իբրեւ ազգահաւաք կանչ եւ ազգային գիտակցութիւն, որ Մեծ Արհաւիրքին մօտիկ ժամանակներուն մէջ սգատօնի, սգահանդէսի տեսք ունէր, ապա, մօտիկ ժամանակներուն մէջ, մեր ազգային ողբերգութիւնը կրեց պահանջատիրութեան բնոյթ եւ հասաւ միջազգային ատեաններ՝ իբրեւ խոշտանգուած ազգի մը, կործանած հայրենիքի մը դէմ գործուած մարդկային անարդարութեան բողոք ու արդարութեան պահանջ եւ պաշտօնապէս ճանաչում ձեռք ձգեց աշխարհի շարք մը երկիրներու կողմէ՝ իբրեւ պատմաքաղաքական չլուծուած կնճիռ, որ կը սպասէ արդար հատուցումի:
Շարունակելով, Գեղամ Արքեպիսկոպոս անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով հայ նահատակներու սրբադասման երեւոյթին եւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ ներկայացուցած կարեւորութեան՝ ըսելով. «Նահատակներու սրբադասմամբ Հայ Եկեղեցին ունեցաւ ամենամեծ թիւով սուրբեր, մէկուկէս միլիոն լուսերամ սուրբերով: Այնուհետեւ մեր նահատակները պարզապէս մահացած զոհեր չեն, մեր աղօթքներուն ու կարեկցանքին կարօտ հոգիներ չեն, այլ այս երկրաւոր կեանքին մէջ նեղութեանց համբերող, չարը պարտութեան մատնող եւ յաւիտենական կեանքին պսակին արժանացած յաղթական հոգիներ են։ Անոնք բարեխօսներ են առ Աստուած եւ անխախտ հաւատքի ներշչողներ: Անոնք անտեղիտալի կամքի ապրուած օրինակներ են՝ կառչած մնալու մեր հայկական ազգային ինքնութեան: Անոնք ազգային եւ քրիստոնէական արժէքներու եւ առաքինութեանց ի խնդիր գերագոյն զոհողութեան ուղեցոյցներ են: Անոնք յաւիտենական կեանքին տանող ճանապարհին կողմնացոյցեր են»։
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը եզրափակեց Առաւօտեան Ժամերգութենէն փոխառնուած «Սուրբ ճգնաւորօքն» աղօթքի ոգիով եւ ըսաւ. «Մէկուկէս միլիոն նահատակ վկաներով ու սուրբերով Ապրիլ 24-ը այսուհետեւ յարութեան հաւատքով մահուան վրայ կեանքի՛ն տարած յաղթանակի տօնն է, մեզ ոգեշնչող, մեզ գօտեպնդող եւ մեր մէջ անսահման կորով ներարկող։ Հաւատքի ու ազգային ինքնութեան պաշտպան ո՜վ միլիոնաւոր սուրբեր, բարեխօեցէ՛ք առ Տէր, որ ձեզի նման կարենանք նեղութեանց համբերել, չարը պարտութեան մատնել եւ լուսեղէն պսակին արժանի ըլլալ, այժմ եւ միշտ յաւիտեանս, ամէն»։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Հոգեւոր պետեր՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Գեղամ Արք. Խաչերեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Գերպծ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի օգնական Եպիսկոպոս՝ Տ. Բարսեղ Պաղտասարեան եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու միութեան հովիւ՝ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան կատարեցին Բարեխօսական կարգ, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն: Միացեալ աղօթքին նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին Արեւմտեան Թեմի Հոգեւոր հայրեր, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգչախումբ, քրիստոնէական հաւատքի առաւել ամրագրման ու համայնական սիրոյ վերածաղկման օրհնեալ պահ մը շնորհելով եկեղեցին լեցուցած բազմահարիւր հաւատացեալ ներկաներուն:
Յայտնենք, որ արարողութեան ներկայ եղան Ազգային Վարչութեան անդամներ, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Մոնթեպելլոյի Ապրիլեան Յուշարձանին Առջեւ
Յաջորդ օրը՝ Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, Մոնթեպելլոյի մէջ կանգնեցուած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի յաւերժացման յուշակոթողին առջեւ համայնքի պետերը կատարեցին Բարեխօսական կարգ, յարգելով յիշատակը հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներուն: Ազգ. Վարչութենէն ներկայ եղաւ փոխ ատենապետ՝ Տիար ճէք Հաճինեան:
Սաքրամենթոյի Ծերակոյտի Շէնքին Մէջ
Երկուշաբթի, 20 Ապրիլ 2026-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ոգեկոչում տեղի ունեցաւ Գալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ, տեղւոյն Ծերակոյտին կազմակերպութեամբ եւ իր նստավայրին մէջ: Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանը ներկայացուց Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքի Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան, որ նաեւ կատարեց պաշտօնական հանդիսութեան բացման աղօթքը: Ազգային վարչութենէն ներկայ եղաւ փոխ ատենապետ՝ Տիար Ճէք Հաճինեան:















































