
Կիրակի, 3 Մայիս 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Օրէնճ Քաունթիի հայ համայնքին տուած երկօրեայ հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր hովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, նախկին Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգչախումբը: Հաւատացեալներու շարքին էին համայնքի բարերարներ, բարեկամներ, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներ եւ տեղական ազգային կառոյցներու ու մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Յընթացս Ս. արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Քու խաչդ մեզի օգնական եւ ապաւէն ըլլայ, Տէր Յիսուս» բառերով սկսաւ իր երկլեզու քարոզը՝ նախ յիշատակելով Ս. Խաչի երեւման տօնը, որ Հայ Եկեղեցին կը նշէ Ս. Յարութեան տօնին հինգերորդ Կիրակին, որ կը պատմէ Երուսաղէմի երկնակամարին վրայ 351 թուականին փայլած լուսաւոր Ս. խաչին հրաշքը՝ Կիւրեղ Երուսաղէմացի Պատրիարքի եւ Կոստանդին Բ. կայսրի օրով: Անդրադառնալով Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ արձանագրուած Ս. Խաչին նուիրուած չորս տօներուն, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նշեց, որ Ս. Խաչի երեւումով՝ Աստուած իր սէրը յայտնեց իր Միածինին հաւատացող եւ Խաչեալ Քրիստոսին հետեւող համայն մարդկութեան, իսկ բոլոր անոնք, որոնք իրենց ներսը կը կրեն Ս. Խաչը՝ իրենց ամբողջական նուիրումն ու հաւատարմութիւնը ցոյց կու տան մեր Երկնաւոր Աստուծոյ:
Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց տեղւոյն հայ համայնքի յաջորդաբար եկեղեցւոյ ու սրահի գլխաւոր բարերարներ՝ Մանուէլ եւ Վերոնիքա Քէօլեաններու եւ Հայկ եւ Վարդուհի Ղուկասեաններու հոգեհանգստեան արարողութեան եւ այս առիթով արտասանած իր սրտի խօսքին մէջ ընդգծեց, որ բարերարներուն թողած աւանդը իրենց շարջապատին ու համայնքին մեծապէս գնահատելի, աստուածահաճոյ եւ ազգօգուտ հարստութիւն է, որուն վրայ այլ բարերարներ մինչեւ այսօր յաւելում կը բերեն՝ շարունակելով զարկ տալ հայ ժողովուրդի աւանդական եւ եկեղեցանուէր առաքելութեան:
Յետ արարողութեան, եկեղեցւոյ Ղուկասեան սրահին մէջ, Սիրոյ սեղանի շուրջ յատուկ հոգեճաշ մատուցուեցաւ՝ ի յիշատակ հանգուցեալ բարերարներուն եւ ի ներկայութեան բարերար ընտանիքներու զաւակներուն ու պարագաներուն, եւ սրտի խօսքեր արտասանուեցան հանգուցեալներու ընտանիքի անդամներուն եւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւին կողմէ:
Հոգեճաշի եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ վեր առնելով այն երեւոյթը, որ՝ «թէեւ հիմնադիր բարերարները հրաժեշտ տուած են այս կեանքին բազում տարիներ առաջ, բայց եւ, յուրախութիւն բոլորիս, անոնց յիշատակն ու գործունէութիւնը մինչեւ օրս կը շարունակուին սերունդէ սերունդ», ըսաւ ան եւ ի սրտէ քաջալերեց եկեղեցական ու համայնքային կեանքը վառ պահող հաւատացեալները, կամաւոր ծառայողներն ու բարերարութիւն կատարողները, ապա իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց ներկաներուն:






















