Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նախագահեց Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ի Նպաստ Հանգանակային Հաւաքին

By June 11, 2026No Comments

Ուրբաթ, 5 Յունիս 2026-ի երեկոյեան, Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ բարեզարդման նպատակով կազմակերպուած հանգանակութեան հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տէր եւ Տիկին Յարութ եւ Լենա Գամպէրեաններու բնակարանին մէջ:

Հաւաքին ներկայ եղան Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տօնոյեան, եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիար Յովիկ Պետեւեան, շրջանի բարերար ընտանիքներ եւ անհատներ, եկեղեցասէր ազգայիններ եւ հիւրեր:

Եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ բարեզարդման ծախսալից աշխատանքը լաւագոյնս կատարելու միտումով կազմակերպուած հաւաքի ընթացքին, հնչեցին սրտի խօսքեր: Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց երեկոյին մասնակիցները եւ կատարուած բարերարութիւնը նկատեց աստուածահաճոյ, ազգօգուտ եւ ողջունելի արարք, յանուն Հայ Եկեղեցւոյ պայծառացման, ապա իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց ներկաներուն:

Close Menu

Categories