Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հանդիսապետեց Եւ Քարոզեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ Եւ Շնորհաւորեց Բոլոր Հայրերը

By June 26, 2026No Comments

Կիրակի, 22 Յունիս 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին եւ իր հոգեպարար քարոզին ընդմէջէն շնորհաւորեց ներկայ հաւատացեալներն ու յատկապէս հայրերը, Հայրերու տօնին առիթով: Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան: Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ սարկաւագները, դպիրներն ու երգչախումբը:

«Խնդրեցէք Աստուծմէ եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք եւ պիտի գտնէք, բախեցէք դուռը եւ պիտի բացուի ձեզի»: Աստուածաշնչեան այս խօսքերով իր քարոզը սկսելով՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւններուն կիզակէտը դարձուց Տէրունական «Հայր Մեր»ը, զոր Յիսուս Քրիստոս սորվեցուց իր աշակերտներուն, որոնք կ՛ուզէին աղօթել սորվիլ՝ իրենց կարիքները կարենալ պատշաճօրէն խնդրելու համար Աստուծմէ:

Մանրամասնօրէն բացատրելէ ետք աղօթքը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ առաջին մասով մեր փառաբանանքը կը յղենք Աստուծոյ, ապա կը խնդրենք Աստուծոյ արքայութիւնը երկրի վրայ եւ յետոյ միայն մեր կարիքներուն բաւարարութիւն կը հայցենք եւ միաժամանակ շեշտեց, որ աղօթքի պահուն պէտք է մեր խնդրանքներու մէջ չափաւոր ու համեստ ըլլանք եւ ներողամտութեան ոգի ցուցաբերենք մեր նմաններուն նկատմամբ, «միայն յետոյ է, որ մեր անձին սեփական խաղաղութեան ու բարիքին համար կրնանք աղօթել առ Աստուած, Որուն մեծութեան չափն ու նկարագրային բարեմասնութիւնները մեզի ցոյց կու տայ «Հայր Մերը», որովհետեւ մենք բոլորս Աստուծոյ զաւակներն ենք եւ Ինք մեր բոլորին Երկնաւոր Հայրն է», ըսաւ Գեղամ Արքեպիսկոպոս:

Կեանքի մէջ հայր ունենալու կարեւորութեան անդրադառնալէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ նաեւ հայրերու ուսերուն դրուած բարոյական պարտաւորութիւններուն մասին եւ դիտել տուաւ, որ Հոգեւոր հայրերը եւս հայրական բարեմասնութիւններով օժտուած են ու իբրեւ այդպիսին կը գործեն եկեղեցւոյ, ընտանիքի, շրջապատի եւ մարդոց կեանքին մէջ: Յիշատակելէ ետք ննջեցեալ հայրերու պարագան, ան նաեւ աղօթք բարձրացուց այս աշխարհէն առյաւէտ բաժնուած բոլոր հայրերու հոգիներու խաղաղութեան համար, ապա, Երկնաւոր Հօր հովանիին տակ, շնորհաւորեց եկեղեցին լեցուցած տարբեր տարիքի հայրերուն եւ աշխարհի բոլոր հայրերուն տօնը ու այս առիթով իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց ներկաներուն:

Յետ արարողութեան, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նախագահեց եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած Սիրոյ սեղանին, որ կազմակերպուած էր ի պատիւ իրեն եւ առ ի շնորհաւորութիւն՝ իր աբեղայ ձեռնադրութեան 45-րդ տարեդարձին, որուն առիթով ան նաեւ ստացաւ սրտագին շնորհաւորութիւնները եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներուն եւ իր սեղանակիցներուն, ապա օրհնելէ ետք ներկաները, Գեղամ Արքեպիսկոպոս աղօթական խօսքերով հատեց կարկանդակը:

Close Menu

Categories