
Չորեքշաբթի, 19 Օգոստոս 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի Ազգային վարժարանները իրենց դռները լայն բացին 2026-2027 կրթական նոր տարեշրջանի աշակերտութեան ընդառաջ՝ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծելով մօտաւորապէս երկու ամիս հանգիստի մատնուած վարժարաններու տարածքներէն ներս եւ տնօրէնութեանց, ուսուցչական կազմերու, հին ու նոր՝ մանուկ, պատանի ու երիտասարդ աշակերտներու եւ անոնց ծնողներուն սրտերուն մէջ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դպրոցական նոր տարեշրջանի վերամուտը դիմաւորեց՝ Հոլիվուտի Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանի շրջափակին մէջ, ընկերակցութեամբ շրջանի Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. քհնյ. Վասիլեանի: Ան քառապատիկ երջանկութեամբ լեցուեցաւ՝ Հայ Դպրոցի տնօրէն-ուսուցիչ-աշակերտ-ծնող հիմնարար բաղադրիչներու լուսաւոր ժպիտներն ու ուրախ դէմքերը տեսնելով: Վերամուտի հանդիսութեան ներկայ եղան նաեւ Ազգ. վարչութեան անդամներ՝ Տեարք Ռոնի Ղարիպեան եւ Գալուստ Յակոբեան, որոնց շարքին՝ Ազգ. Խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչ Փաթիլ Աբոշեան:
Վերամուտի առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան հայրը նախ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ ապահով ու անխափան նոր վերամուտ մը շնորհեց այս երկրի կրթական համակարգին, աշակերտութեան, պատասխանատուներուն ու ծնողներուն, ապա գնահատեց Ազգ. Փիլիպոս վարժարանի մեծ ընտանիքին բարի կամքն ու ջանասիրութիւնը, ծնողներու եւ մեծ ծնողներու կողմէ ի գործ դրուած նիւթաբարոյական զոհողութիւնն ու Հայ Դպրոցի նկատմամբ ցուցաբերած վստահութիւնը եւ խօսքի աւարտին բոլորին մաղթեց նորանոր յաջողութիւններով ու վերելքներով լեցուն նոր տարեշրջան մը:
Անմիջապէս ետք, Գեղամ Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ շրջանի Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. քհնյ. Խաչատուրեանի, այցելեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Գապայեան նախակրթարան, ուր երջանկութիւնը համատարած էր, դպրոցական նոր վերամուտը կը դիմաւորուէր երաժշտական ու պարային հանդիսութեամբ: Այս առիթով Գեղամ Արքեպիսկոպոս գօտեպնդիչ խօսքեր արտասանեց եւ գնահատեց վարժարանի մեծ ընտանիքը, աշակերտները, ծնողները, բարերարներն ու բարեկամները:
Յայտնենք, որ նոյն օրը, Արեւմտեան Թեմի Ազգային վարժարաններու վերամուտին առիթով, «Բարի վերամուտ, սիրելի աշակերտներ» ըսին նաեւ միւս շրջաններու Հոգեւոր հովիւները եւ այս առիթով ընթերցեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր սրտի խօսքը: Վարակիչ էին աշակերտներուն ժպիտները, ուրախ էին բոլորին դէմքերը, վերամուտը կրթական նոր տարեշրջանի ազդանշանն էր, որ կու տար Ազգ. վարժարաններու մէջ, հրճուանք պատճառելով նաեւ ծնողներուն ու մեծ ծնողներուն, որոնցմէ շատեր ընկերակցելով իրենց սիրելի զաւակներուն ու թոռներուն, նաեւ բաժնեկից դարձան վերամուտի ստեղծած ջերմ ու քաղցր մթնոլորտին:















