Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Գնահատեց Թաւլեան Մանկամսուրի Աշխատանքը Եւ Շնորհաւորեց Նոր Տարեշրջանի Վերամուտը

By August 27, 2026No Comments

Ուրբաթ, 21 Օգոստոս 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ներկայ եղաւ Փասատինայի մէջ գործող Ազգ. Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուրի նոր տարեշրջանի վերամուտի հանդիսութեան եւ իր հայրական օրհնութիւններն ու խրատները բաշխեց Փասատինայի հայ համայնքի մանուկներուն, փոքրերուն ու մեծերուն՝ ամենայն բարիք, առողջ տարեշրջան եւ քաջառողջութիւն մաղթելով բոլորին:

Իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց մանկամսուրի անձնակազմին ծով համբերութիւնն ու նուիրական աշխատանքը՝ դիտել տալով, որ մանկամսուրի տարիքի փոքրիկներուն հետ աշխատիլը նոյնքան հերոսական գործ է եւ մասնագիտական պատրաստուածութիւն կ՛ենթադրէ, իսկ մանկամսուրը կը հանդիսանայ կորիզը վաղուան հայ համայնքին: «Որքան գիտակից վարուին ծնողները՝ իրենց սիրասուն զաւակներուն հետ տունը, իսկ ուսուցիչները՝ իրենց վառվռուն աշակերտներուն հետ դպրոցը, այնքան աւելի դաստիարակուած հայ-քրիստոնեայ նոր սերունդներ կ՛ունենայ համայնքը», դիտել տուաւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ շնորհաւորեց բոլորին վերամուտը:

Close Menu

Categories