Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Հայրապետական Վեցերորդ Այցելութիւնը Յաւերժացնող Հրատարակութեան Առաջին Օրինակը՝ Մեկենաս Սողոմոնեան Զոյգին

By August 27, 2026No Comments

Չորեքշաբթի, 19 Օգոստոս 2026-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց այցելութիւնը Ազգ. Առաջնորդարանի բարերար ամոլ՝ Տէր եւ Տիկին Յարութ եւ Լենա Սողոմոնեաններու, որոնք, վերջերս, նաեւ ստանձնած էին Հայրապետական վեցերորդ այցելութիւնը պատկերող գեղազարդ ալպոմ-հատորի մեկենասութիւնը, ի յիշատակ իրենց եղբօր՝ համազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի:

Առաջնորդ Սրբազան հայրը մտերիմ զրոյց ունեցաւ այցելուներուն հետ եւ դրուատեց բարերար զոյգին զօրակցութիւնը՝ ընդհանրապէս Հայ Եկեղեցւոյ ու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ մասնաւորաբար Արեւմտեան Թեմի ծրագիրներուն, ապա, այս առիթով, զոյգին նուիրեց առաջին օրինակը նոր լոյս տեսած գեղատիպ յատուկ հրատարակութեան, ուր ներկայացուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Արեւմտեան Թեմին շնորհած Հովուապետական վերջին այցելութիւնը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ տարի, 22 Հոկտեմբերէն 10 Նոյեմբեր:

Close Menu

Categories