
Չորեքշաբթի, 19 Օգոստոս 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ուրախութեամբ ողջունեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Արեւմտեան Թեմին շնորհած հայրապետական վեցերորդ այցելութեան եւ կաթողիկոսական երեսնամեայ գահակալութեան ձեռնարկներու տեղեկութիւնն ու գունագեղ լուսանկարները ամփոփող յատուկ հրատարակութիւնը, որ լոյս տեսաւ մեկենասութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Յարութ եւ Լենա Սողոմոնեաններու, նուիրուած իրենց եղբօր՝ ազգային բարերար, «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանակիր, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան հաւատարիմ եւ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ նուիրեալ զաւակ եւ համազգային բարերար՝ հանգուցեալ Հրայր Սողոմոնեանի անմեռ յիշատակին:
Ազգային Առաջնորդարանի ջանքերով հրատարակուած գունատիպ այս հատորը կը բովանդակէ՝ անցեալ տարուան 22 Հոկտեմբերէն մինչեւ 10 Նոյեմբեր ի պատիւ եւ ի ներկայութեան Վեհափառ Հայրապետի, Արեւմտեան Թեմէն ներս իրագործուած հանդիսութեանց, այցելութեանց, հանդիպումներու եւ ձեռնարկներու տեղեկատուական ժամանակագրութիւնը, օրը օրին արձանագրութեամբ եւ լուսանկարներով:
Յայտնենք, որ հատորին մէջ նաեւ տեղ գտած են կաթողիկոսական, առաջնորդական, Հոգեւոր հայրերու եւ ազգայիններու ուղերձներ, քարոզներ, պատգամներ, մեծարանքի խօսքեր, որոնք կ՛ամբողջացնեն Հայրապետական վեցերորդ այցելութեան ընդհանուր պատկերը եւ կ՛ընդգծեն Արեւմտեան Թեմի բարձր կազմակերպուածութեան, նիւթաբարոյական անսակարկ զօրակցութեան ու մասնակցութեան հանգամանքները, զորս ամէնէն փայլուն ձեւով դրսեւորուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի մեր շրջան այցելութեան բոլոր օրերուն:
















