Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Արեւմտեան Թեմը Փառահեղօրէն Նշեց Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը

By August 21, 2026No Comments

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ Մատոյց, Քարոզեց, Խաղողօրհնէք
Եւ Մատաղօրհնէք Կատարեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 16 Օգոստոս 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս հնչեցին Ս. Կոյս Մարիամի դէպի երկինք փոխադրութեան տօնին նուիրուած Ս. Պատարագ, շարական ու աղօթք, որոնց ընդմէջէն փառաբանուեցաւ հայ ժողովուրդի ամենէն սիրելի՝ երիցս օրհնեալ Ս. Կոյս Աստուածամայրը, երկինքի հարսն ու հայ քրիստոնեայ ժողովուրդին ամենասիրելի բարեխօս սուրբը:

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ս. Մարիամ Աստուածածնի երկինք վերափոխման տօնին առիթով պատարագեց, քարոզեց եւ խաղողօրհնէք կատարեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, պատգամի աւարտին նաեւ շնորհաւորելով եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն ու մեծ ընտանիքին բոլոր անդամները: Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը, սարկաւագները, դպիրներն ու երգիցիկ խումբը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ նշեց, որ Ս. Կոյս Մարիամի ննջման եւ վերափոխման տօնը կը հանդիսանայ Հայ Եկեղեցւոյ հինգ գլխաւոր տօներէն մէկը, որ հասած է մեզի աւանդաբար՝ Հայաստանի առաքեալ Ս. Բարթողիմէոսի պատումով այն մասին, թէ առաքեալը հեռու ըլլալով, չէ կրցած հասնիլ Յիսուսի մօր թաղման արարողութեան, որ արդէն տեղի ունեցած էր Յիսուսի միւս առաքեալներուն ներկայութեան: Եւ միայն քանի մօ ետք հասնելով թաղման վայրը, ան ուզած է վերջին անգամ ըլլալով տեսնել Ս. Կոյս Մարիամի դէմքը:

Առաքեալներուն ընկերակցութեամբ երբ բացուած է գերեզմանաքարը, հոն ոչինչ գտած են, որովհետեւ «գերեզմանը թափուր էր, եւ յանկարծ երկինքէն ձայն մը ըսաւ, որ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, հրեշտակներով եկաւ եւ Իր մայրը փոխադրեց երկինք», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան հայրը եւ աւելցուց. «Այս ցոյց կու տայ, որ Աստուածամօր նուիրուած այս տօնը Ս. Կոյս Մարիամին երկինք փոխադրուելուն եւ երկինքին կողմէ պատուըուելուն տօնն է»:

«Ս. Երրորդութիւնը Աստուածամայրը պսակեց երկինքի թագուհի» դիտել տուաւ Գեղամ Արքեպիսկոպոս եւ այս մասին խորհրդածելով նշեց, որ Մարիամ Աստուածածին մեծագոյն այս պատիւին արժանացաւ ո՛չ թէ պատահականօրէն, այլ՝ շնորհիւ իր մարդկային յատկանիշներուն ու յատկապէս՝ Աստուծոյ կամքին նկատմամբ իր ցուցաբերած հաւատքին ու հնազանդութեան, որ հիմնական պայմաններէն մէկն է Աստուծոյ կողմէ մարդկութեան տրուած պատուիրաններուն, որովհետեւ «Աստուած անկարգապահները չի սիրեր», ըսաւ ան եւ իր մտածումը ընդարձակեց՝ հին եւ նոր կտակարաններէ բերելով օրինակներ:

Քարոզի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը աղօթական խօսքերով դիմեց Ս. Կոյսին եւ խնդրեց անկէ, որ միշտ մայրական գուրգուրանքով բարեխօս ըլլայ իր որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի մօտ՝ մեր բոլորին աղերսանքներն ու խնդրանքները, աղօթքներն ու աղաչանքները յանձնելով Տէր Յիսուս Քրիստոսի աստուածային ուշադրութեան:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան հայրը կատարեց խաղողօրհնէք եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով հերիսայի օրհնութիւն, ապա բացատրեց Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեանց մաս կազմող խաղողօրհնէքին եւ մատաղին իմաստը՝ գօտեպնդելով բոլոր ներկաները, որ նոյն հաւատքով ու անձնուիրութեամբ շարունակեն պահել հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու աւանդութիւնը եւ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր ու ազգային, աւանդական տօներն ու արժէքները:

Close Menu

Categories