
Տիար Արիս Սթամպօլեանի Բարերարութեամբ՝ «Գերազանց Ուսումնակրթութեան Կեդրոն»Ի Հիմնում
Ուրբաթ, 14 Օգոստոս 2026-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Հոլիվուտի Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանին մէջ հանդիսապետեց վարժարանի զարգացման ու ընդարձակման բաժիններու-ծրագիրներու ժապաւէններու հատման ձեռնարկին, որուն ներկայ եղան Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, Ազգային Վարչութեան եւ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի անդամներ, վարժարանի տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Սիւզի Օհանեան, Հոգաբարձութեան, Ուսումնական մարմինի, շրջանի պատկան մարմիններու եւ միութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հիւրեր:
Վարժարանի սրահին մէջ, տնօրէնուհի դոկտ. Օհանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց՝ զանազան ընտանիքներէ եւ անհատ բարերարներէ վարժարանին կատարուած վեց նուիրատուութիւններու բնոյթին, նպատակին ու այդ գծով տարուած աշխատանքին մասին, հետեւեալ բացատրութեամբ.
Ա) Մեծագոյն նուիրատու Արիս Սթամպօլեանի բարերարութեամբ՝ վարժարանի ներկայ շէնքի ամբողջական պահպանման համար մնայուն հիմնադրամի ստեղծում եւ «Արիս Սթամպօլեան «Գերազանց Ուսումնակրթութեան կեդրոն»ի հիմնում:
Բ) Աշըգեան ընտանիքի բարերութեամբ՝ ոտնագնդակի նոր դաշտի հիմնում:
Գ) Ճարաքեան ընտանիքի բարերարութեամբ՝ կողովագնդակի դաշտի հիմնում:
Դ) Կուտիկեան ընտանիքի բարերարութեամբ՝ Մարի Փոսթոյեան Մանկամսուր
մանկապարտէզը արեգակնային վահանակներով օժտում:
Ե) Գասպարեան-Ճեֆրիզ ընտանիքներու բարերարութեամբ՝ նոր դասարանի հիմնում:
Զ) Անանուն «մի ոմն»ի նուիրատուութեամբ՝ հիմնում մարմնամարզութեան նոր բաժնի, որ պիտի կոչուի վաղամեռիկ շրջանաւարտ Սանան Մահսէրէճեանի անունով:
Յայտնենք, որ վերոնշեալ ծրագիրներուն ժապաւէնի հատման ներկայ էր նաեւ Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանի Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան նախակրթարանի բարերար՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ զաւակը՝ տէր եւ տիկին Սարօ եւ Թըրիսա Տէր Յովհաննէսեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շրջագայեցաւ վարժարանի բաժանմունքները, եւ նուիրատու բարերար անհատներու եւ ընտանիքներու ընկերակցութեամբ հատեց նշեալ ծրագիրներու եւ բաժիններու համար նախատեսուած ժապաւէնները: Ժապաւէններու հատման աւարտին, վարժարանի Ներսէս Թաշճեան մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ յուշանուէրներով գնահատանքներու բաշխում՝ վեց բաժանմունքներու բարերար ընտանիքներուն:
Յօգուտ Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանի արդիականացման, տարուած ճիգերն ու կատարուած նուիրատուութիւննները բարձր գնահատելով, Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ շնորհաւորեց վարժարանի բոլոր գործօն տարրերն ու բաղադրիչները, ազնուասիրտ բարերարներն ու նուիրատուները եւ Հոլովուտի հայ համայնքի աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն մաղթեց առողջ կեցութիւն, արեւշատ օրեր ու ազգային արդիւնաւէտ գործունէութիւն, ապա բոլորին բաշխեց հայրական իր օրհնութիւններն ու բարի մաղթանքները:
























