Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Խաղողօրհնէք Կատարեց Միշըն Հիլզի Հայ Տարեցներու Միութեան «Արարատ» Տան Մէջ

By August 21, 2026No Comments

Հինգշաբթի, 13 Օգոստոս 2026-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ արժանապատիւ Հոգեւոր հայրեր՝ Տ. Կոմիտաս Աւ. քհնյ. Թորոսեանի, Տ. Արսէն քհնյ. Գասապեանի եւ Տ. Պօղոս քհնյ. Պալթայեանի, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով այցելեց Միշըն Հիլզի Հայ տարեցներու «Արարատ» տուն, ուր սիրալիր դիմաւորուեցաւ հաստատութեան պատասխանատու տնօրէն՝ Տիար Ժոզէֆ Կանիմեանի եւ պաշտօնէութեան կողմէ:

Առաջնորդ Սրբազան հայրն ու ընկերակից հոգեւոր հայրերը աղօթական սրտառուչ պահ մը ունեցան հայ վաստակաւոր մամիկ-պապիկներու հետ, կատարեցին հոգեւոր արարողութեան, որուն ընթացքին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ կատարեց խաղողօրհնէք, ապա գօտեպնդիչ պատգամ փոխանցեց «Արարատ» տան բնակիչներուն՝ գնահատելով անոնց ծնողական վաստակն ու հայ-քրիստոնէական հաւատքն ու նկարագիրը:

Իր պատգամի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը նաեւ դրուատեց հայկական հաստատութիւնը, որուն նպատակն է հայ տարեց պապիկ-մամիկներու արժանապատիւ վերջալոյս շնորհել՝ քրիստոնէաշունչ միջավայրի մէջ: Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր խօսքին մէջ նաեւ գնահատանքով անդրադարձաւ ներկայ տնօրէնին ու անձնակազմին ի գործ դրած ճիգերուն, ապա իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին՝ առողջութիւն, հանգիստ օրեր ու տարիներ մաղթելով հայ տարեցներուն, պատասխանատուներուն, խնամողներուն եւ կամաւորաբար ծառայողներուն:

Close Menu

Categories