Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

ՀՕՄ-Ի Շրջանային Նորընտիր Վարչութիւնը Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

By September 3, 2026No Comments

Երկուշաբթի, 31 Օգոստոս 2026-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց ծանօթացման այցելութիւնը ՀՕՄ-ի Շրջանային նորընտիր վարչութեան ինը հոգինոց կազմէն եօթը անդամուհիներու, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Մակի Սարքունիի:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներ՝ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան եւ Տիար Ճէք Հաճինեան:

Գեղամ Արքեպիսկոպոս բարի գալուստ մաղթեց ՀՕՄ-ուհիներուն, որոնք, իրենց զիրենք ներկայացնելէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայացուցին նորընտիր կազմին ներկայ եւ հետագայ ծրագիրները, արտայայտուեցան միութեան առկայ դժուարութիւններուն, տնտեսական իրավիճակին եւ վերակազմակերպման նպաստող աշխատանքներուն մասին, այլեւ բացատրութիւններ տուին Միութեան անդամական իրավիճակի, մասնաճիւղերու գործունէութեանց ու Շրջանային վարչութեան գրասենեակի տարած աշխատանքներուն մասին եւ ուրախութեամբ տեղեկացուցին՝ Փասատինայի մէջ ՀՕՄ-ի երկրորդ՝ «Ամարաս» անունով մասնաճիւղի հաստատման մասին:

Դրուատելով ՀՕՄ-ի ազգանուէր եւ մարդասիրական գործունէութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայահոծ գաղութներու մէջ, Առաջնորդ Սրբազան հայրը նաեւ շեշտեց կնոջական այս Միութեան ժրաջան աշխատանքին կարեւորութիւնը Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանէն ներս, ապա յանուն Ազգային վարչութեան, պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու ՀՕՄ-ի ծրագիրներուն եւ թելադրեց՝ միասնական ճիգերով բոլոր տեսակի մարտահրաւէրները յաղթահարել, ողջախոհութեամբ գործել ու աշխատանքի մէջ անվհատ կամք դրսեւորել:

ՀՕՄ-ի Շրջ. վարչութեան կազմը շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ այս առիթով իրեն նուիրեց գեղեցիկ ծաղկեկողով մը: Հանդիպումը վերջ գտաւ «Պահպանիչ»ով:

Close Menu

Categories