Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Համա-Ատենապետ՝ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի Այցելութիւնը

By September 3, 2026No Comments

Երկուշաբթի, 31 Օգոստոս 2026-ին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Համա-ատենապետ՝ Տիար Ստեփան Տէր Պետրոսեանի: Հանդիպման ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան, շրջանէս Ազգ. Կեդր. վարչութեան անդամ՝ Տիար Կայծակ Զէյթլեան եւ Ազգ. վարչութեան անդամներ:

Հանդիպման ընթացքին ծաւալեցաւ մտերմիկ զրոյց, երկու բարեկամներու միջեւ, ապա ներկաներուն մասնակցութեամբ արծարծուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ թեմերու առնչուած հարցեր։

Տեսակցութեան աւարտին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս յաջողութիւն եւ առաւել արդիւնաւէտ գործունէութիւն մաղթեց Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան եւ անոր ենթակայ մարմիններուն ու յանձնախումբերու աշխատանքներուն, ապա ամենայն բարիք մաղթեց յատկապէս միջին արեւելեան հայկական գաղութներու տառապեալ ժողովուրդի զաւակներուն:

Close Menu

Categories