Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Լա Քրեսենթայի Ս. Հրեշտակապետաց Եկեղեցին Նոր Վերելք Արձանագրեց

By September 4, 2026No Comments

– «Հայ-Քրիստոնէական Դաստիարակութիւնը Հիմքն Է Մելքոնեան Ընտանիքի Եկեղեցաշինութեան Սիրոյն Ու Կամքին», Ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը

– Գլխաւոր Բարերար Տ. Եւ Տ. Վարանդ Եւ Հուրի Մելքոնեանի Կողմէ 1.5 Միլիոն Տոլարի Նոր Նուիրատուութեամբ, Մելքոնեան Ամոլին Այս Նպատակին Նուիրատուութեան Ընդհ. Գումարը Հասաւ՝ 3.5 Միլիոն Տոլարի

Կիրակի, 30 Օգոստոս 2026-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հանդիսապետեց Լա Քրեսենթայի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ նոր որակ ու շունչ հաղորդելու կոչուած «Վերելք» կալա-ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ Palladio Banquet Hall-ի մէջ, Կլենտէյլ, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար՝ մեծարգոյ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու հիւրընկալութեամբ եւ յատուկ յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, որու ատենապետութիւնը կը վարէր Տիար Վարանդ Մելքոնեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին, ճաշկերոյթին նաեւ ներկայ եղան Արեւմտեան Թեմի նախկին Առաջնորդներ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեան, Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ այժմու Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, առաջին հովիւ՝ Արժ. Տ. Արտակ Աւ. Քհնյ. Տէմիրճեան, ծխական այլ շրջաններու Հոգեւոր հայրեր, Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներ, իրենց կողակիցներով, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան համա-ատենապետ՝ Տիար Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Տիկինը (որոնք հիւրաբար կը գտնուէին քաղաքս), Կեդրոնական վարչութեան շրջանէս անդամ՝ Տիար Կայծակ Զէյթլեան եւ Տիկինը, եկեղեցւոյ բարերար Մելքոնեան ընտանիքը, գլխաւորութեամբ իրենց մօր եւ մեծ մօր՝ Տիկին Անժել Մելքոնեանի, պատկան մարմիններու եւ ծխական շրջաններու ու քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, եւ Արեւմտեան Թեմի ճամբով լոսանճե-լըսահայութեան ու ազգի կեանքին մէջ նիւթաբարոյական գործունէութիւն ծաւալած մեծաթիւ ազնիւ բարերարներ, որոնցմէ յիշատակենք՝ Տէր եւ Տիկին Արիս Սթամպօլեան եւ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, զօրակից ազգայիններ, բարեկամներ եւ հիւրեր:

Շքեղ ու ճոխ երեկոյի հանդիսավարութիւնը կատարեց Թամար Թովմասեան, որուն ողջոյնի խօսքէն ետք, վաստակաւոր թենոր Պերճ Քիրազեան յաջորդաբար հնչեցուց Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգները: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ սեղաններու օրհնութեան յաջորդեց համադամ ընթրիք, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան անցեալ, ներկայ եւ ապագայ փուլերը ներկայացնող գեղեցկօրէն պատրաստուած տեսերիզ՝ ներկաները հաղորդ դարձնելով Լա Քրեսենթայի հայ կեանքէն ներս եկեղեցի հիմնելու մտածումին եւ զայն իրականութիւն դարձնող բոլոր հանգրուաններուն, որոնց ընթացքին եւ ժամանակի թաւալքին հետ համերաշխ գործակցութեամբ յաղթահարուեցան խոչընդոտները, հետզհետէ լուծուեցան դժուարութիւնները՝ շնորհիւ օրուան Առաջնորդներուն, Ազգ. վարչութեան եւ հայ-քրիստոնէական հաւատքով սնած եկեղեցանուէր հայ անհատներու եւ ընտանիքներու:
Յատկապէս այս իմաստով շատ իւրայատուկ հնչեց բարերար ամոլի որդւոյն՝ Տիար Արման Մելքոնեանի ընտանիքի անունով արտասանած խօսքը. ան նախ փառք տալով Աստուծոյ, մեծարեց իր մեծ հօր՝ հանգուցեալ Մելքոն Մելքոնեանի յիշատակը եւ վկայակոչեց սրահին մէջ ներկայ մեծ մօր՝ Տիկին Անժել Մելքոնեանի հոգեւոր ու մարդկային առաքինութիւնները: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ աստուածասիրութիւնն ու եկեղեցասիրութիւնը կը սկսին մեծ ծնողներու տունէն, ուր եօթը զաւակ հայ-քրիստոնէական արժէքներով սնած են, իսկ այսօր, Մելքոնեան ընտանիքը իր 21 թոռներով ահա՛ միասնաբար կը ցնծան իրենց մեծ ծնողներուն անունն ու յիշատակը յաւերժացնող Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ ամբողջական կանգնումին նուիրուած այս ճաշկերոյթին առիթով: Անդրադառնալով իր հօր եւ մօր՝ Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու անսահման եկեղեցասիրութեան եւ բարերարութեան, Արման նշեց, որ իր հօր նիւթական կարողութիւնը չէ, որ այսօր իրականութիւն կը դարձնէ Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցին, այլ՝ Մելքոնեան ընտանիքի եւ համայնքի բազմաթիւ զաւակներու հաւատքն ու սէրը առ Աստուած եւ առ Հայ Եկեղեցի, յանուն հայ-քրիստոնէական հաւատքի ծաղկման, հայութեան հոգեւոր եւ ազգային ինքնութեան ու մշակութային արժէքներու պահպանման:

Երեկոն աւելի եւս ոգեւորուեցաւ, մանաւանդ, երբ գլխաւոր բարերար Մելքոնեան զոյգը հրաւիրուեցաւ բեմ: Տիար Մելքոնեան սրտառուչ եւ գօտեպնդիչ խօսքերով լեցուց մթնոլորտը՝ անձնական գողտրիկ մանրամասնութիւններ փոխանցելով եկեղեցւոյ կանգնման ի նպաստ իր հովանաւորութեամբ կատարուած հանգանակութեան եւ դրամահաւաքին մասին: Իր խօսքէն ի յայտ եկաւ, որ Մելքոնեան ընտանիքը, առաջին օրէն մինչեւ այս ճաշկերոյթը, եկեղեցւոյ կանգնումին ու հայացման համար նուիրած է երկու միլիոն տոլար, իսկ ներկայ ճաշկերոյթի կազմակերպման առիթով, ինք անձամբ կապուելով գաղութի մեծատուներուն եւ իր շրջապատի ազգայիններուն, հաւաքած է աւելի քան երկու միլիոն տոլար, առանց ստանալու որեւէ մերժողական պատասխան: Յանուն յանձնախումբի, մեծ թէ փոքր գումարներ նուիրող բոլոր նուիրատուներուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, գլխաւոր բարերարը յայտարարեց, որ Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ հայօրէն կանգնումի ծախսը ամբողջացնելու նպատակով, Տէր եւ Տիկին Մելքոնեան ամոլը մէկուկէս միլիոն ($1,500,000) տոլարի նոր նուիրատուութիւն մը եւս կը կատարէ: Սրահը ուրախութեամբ թնդաց, ներկաներուն որոտընդոստ ծափահարութեան ներքոյ: Հուսկ, Տիար Մելքոնեան բացատրեց, որ դրամահաւաքը չէ աւարտած, եկեղեցին նաեւ ունի առօրէական ծախսեր, հետեւաբար, փափաքողներ կրնան միանալ նուիրատուներու ցանկին:

Կազմակերպիչ յանձնախումբի փոխատենապետ, վաստակաշատ գործիչ եւ եկեղեցւոյ հիմնադիր սերունդի ներկայացուցիչ՝ Տիար Տիգրան ՏէրՍարգիսեանի խօսքը Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ օծման անդրադարձում եղաւ՝ Ազգային Առաջնորդարանի շէնքին մէջ գործելէն (2010) մինչեւ 2023, Թորգոմ Սրբազան Տօնոյեանի առաջնորդութեան օրով, Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի հանդիպակաց տարածքին մէջ օտար եկեղեցւոյ գնումն ու զայն հայկական եկեղեցւոյ վերածելու Ազգ. վարչութեան ու համայնքի զաւակներուն աշխատանքը, հիմնարար բարերարութեամբ Մելքոնեան ընտանիքի, իսկ 2025-ին, Գեղամ Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ, Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ օծումը՝ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Արեւմտեան մեր Թեմին շնորհած Իր 6-րդ Հովուապետական այցելութեան օրերուն: Տիար ՏէրՍարգիսեան նաեւ պատումը կատարեց՝ յաջորդական երեք Առաջնորդներու օրով Լա Քրեսենթա ծխական համայնքի գոյառման (2005), եկեղեցւոյ հաստատման ու աճման հանգրուաններուն եւ լուսարձակի տակ առաւ շրջանի հայութեան հոգեւոր, կրթական, ընկերային եւ մարդասիրական կեանքին մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները: Ան նաեւ շեշտեց, որ Արեւմտեան Թեմի ուժերով նման ծանրակշիռ եւ յոյժ կարեւոր նպատակ մը իրականացնելու համար, անհրաժեշտ էին աննկուն հաւատք եւ աշխատանքի յարատեւութիւն, ապա դրուատեց գլխաւոր բարերար ամոլին, զօրակիցներուն ու կամաւորներուն աշխատանքն ու ծառայական նուիրումը եւ շնորհաւորեց բոլորը՝ Լա Քրեսենթայի մէջ հայկական եկեղեցի կանգնեցնելու երկու տասնեակ տարիներու ի գործ դրուած ճիգը նման յաջողութեամբ պսակուելուն առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ տարեսկիզբին կարելի կ՛ըլլայ եկեղեցական արարողութիւնները կատարել ամբողջացած եկեղեցւոյ մէջ:

Ճաշկերոյթին պաշտօնական բաժինը եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը եւ իր խանդավառութիւնն ու շնորհաւորանքը խտացուց հիմնական երեք կէտերու մէջ՝ շեշտելով, որ եկեղեցի եւ դպրոց շինելը հայ ժողովուրդի դարաւոր առաքինութեանց մաս կը կազմէ, եւ թէ՝ հայ մարդը մի՛շտ իր ապրած տունէն աւելի ճոխ ուզած է տեսնել Աստուծոյ տունը, այս պատճառով ալ մեր բոլոր եկեղեցիները գրաւիչ են իրենց ճոխութեամբ ու գեղեցկութեամբ, ըսաւ ան եւ իր խորհրդածութիւնը աւարտեց՝ ըսելով, որ որքան ուժեղ, կանգուն ու շքեղ ըլլայ Հայ Եկեղեցին, այնքան ամուր, հզօր եւ ազգային ինքնութեամբ ու հայ-քրիստոնէական արժէքներով հասակ առած ու սնած կ՛ըլլան ներկայ եւ հետագայ հայ սերունդները, որոնք, յաջորդաբար, ազգային արժէքներու փոխանցում կը կատարեն եւ Սփիւռքի մէջ կ՛ապահովեն հայկական ինքնութեան պահպանումն ու հայ համայնքի հզօրացումը: Նաեւ, Առաջնորդ Սրբազան հայրը յատուկ կերպով գնահատեց Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի Ուսումնական մարմինն ու մեծ ընտանիքը, որ առաջին օրէն ստանձնած էր նոր կալուածի ամսական մեծագումար պարտամուրհակի վճարման պատասխանատուութիւնը եւ կը շարունակէ զայն մինչեւ օրս:

Գեղամ Արքեպիսկոպոսի օրհնութեան աղօթքով թէեւ վերջ գտաւ ճաշկերոյթի պաշտօնական բաժինը, սակայն բեմին վրայ շարունակուեցան հնչել որակաւոր հայ եւ օտար երգեր, որոնք աւելի եւս ճոխացուցին սրահը լեցուցած ներկաներուն տօնական տրամադրութիւնը: Յայտնենք, որ ճաշկերոյթի ընթացքին, պարբերաբար գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր:

Close Menu

Categories