Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Հաղորդագրութիւն Հիւսիսային Ամերիկայի Երեք Թեմերու Հոգեւորականաց Համագումարին

By October 15, 2026No Comments

Ընդ նախագահութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմերու Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Գեղամ Ս․ Արքեպիսկոպոսի, Տէր Անուշաւան Ս․ Արքեպիսկոպոսի եւ Տ. Բաբգէն Ս․ Արքեպիսկոպոսի, Թարգմանչաց տօնի առթիւ հոգեւորականաց միջ- թեմական երկօրեայ համագումար մը տեղի ունեցաւ 6-7 Հոկտեմբերին, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, Էնսինօ, Լոս Անճելըս։

Ժողովին գլխաւոր թեման էր «Հոգեւոր վերանորոգում՝ ծառայութեան նոր շունչ», ի հետեւումն Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ․ Տ․ Արամ Ա․ Կաթողիկոսի «2026 – Հոգեւոր Վերանորոգման Տարի» հռչակագրին։

Ժողովականները իրենց աշխատանքներուն լոյսին տակ անդրադարձան «Տեսիլքէն դէպի առաքելութիւն» եւ «Եկեղեցին այսօրուան մարտահրաւէրներուն դիմաց» առանցքային զոյգ թեմաներուն, յատկապէս քննարկելով, թէ եկեղեցին ինչպիսի տեսլական եւ ռազմավարութիւն պէտք է որդեգրէ վերածաղկեցնելու համար հոգեւոր կեանքը, նաեւ նոր սերունդի կեանքին մէջ արուեստական իմացականութեան ունեցած ազդեցութեան դիմաց՝ ինչպիսի՛ գործնական քայլեր պէտք է առնէ։ Միաժամանակ անոնք զբաղեցան Թեմերէն ներս հովուական, ծիսական եւ կարգապահական հարցերով։

Հոգեւոր հայրերը երախտագիտութեան խոր գիտակցութեամբ իրենց հաւատարմութիւնը յայտնեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ներկայ տագնապալից եւ փոթորկալից աշխարհին մէջ անոր վարած իմաստուն եւ անվեհեր ղեկավարութեան համար, նաեւ իրենց ամբողջական գործակցութիւնը ցուցաբերեցին՝ ի խնդիր Սուրբ Աթոռի առաքելութեան յաջողութեան եւ յառաջդիմութեան։

Ժողովականները նիստերու կողքին ունեցան աղօթական եւ խորհրդածական պահեր։ Համաձայն աւանդութեան, յատուկ հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ երեք Թեմերուն մէջ ծառայած ու վախճանած հոգեւորականներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Հոգեշահ հաւաքի կողքին, ներկաները նաեւ հաճոյքով վայելեցին Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի աշակերտութեան հրամցուցած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրը՝ Մշակութային ամսուան առիթով:

Համագումարը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով, Հայրապետական մաղթերգով եւ «Կիլիկիա» երգով։

Close Menu

Categories