Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Տօնին Առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Պատարագեց, Քարոզեց Եւ Մատաղօրհնէք Կատարեց Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ

By October 15, 2026No Comments

Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ տօնին առիթով Ս. Պատարագ մատոյց, քարոզեց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց նոյնանուն եկեղեցւոյ մէջ, ուր հաւատացեալներու շարքին էր Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիար Յովիկ Պետեւեան:

Ս. խորանին սպասարկեցին Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգչախումբը:

Յընթացս Ս. Պատարագին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր քարոզը սկսաւ՝ «Երկնաւոր թագաւոր, քու եկեղեցիդ անշարժ եւ անսասան պահէ եւ քու հաւատացեալներդ երկրպագուներդ՝ խաղաղութեամբ» գրաբարեան աղօթքի բառերով, ապա իր խորհրդածութիւնները ծաւալեց Յիսուս Քրիստոսի նոր ուխտի հաստատման, եկեղեցւոյ գոյառման եւ Իրեն հաւատացողներու առաջնորդութեան հանգամանքներուն ուղղութեամբ՝ դիտել տալով, որ քրիստոնեայ մարդուն նպատակը ոչ թէ երկրաւոր, վաղանցիկ արժէքներու վրայ հիմնուած է, այլ՝ երկնային ու յաւիտենական: Հետեւաբար, այս կեանքը պէտք է ապրիլ երկնքի մէջ գանձեր դիզելու նախանձախնդրութեամբ, այնպէս, ինչպէս Յիսուս Քրիստոս ուսուցանեց համայն մարդկութեան, ըսաւ ան:

«Եկեղեցի կը նշանակէ կանչուածներու խումբ», ըսաւ Գեղամ Արքեպիսկոպոս եւ բացատրեց, որ Յիսուսի հաւատարիմ հետեւորդները իրենք են իսկական եկեղեցին, այլ ոչ թէ շէնքերն ու կառոյցները, որոնք եղած են ու կան՝ հոգեւոր արժէքներու պահպանման իբրեւ վայր: Հայկական եկեղեցին դիտելով իբրեւ հայ հաւաքականութեան ոգեղէն արժէք, Գեղամ Արքեպիսկոպոս ընդգծեց, որ մենք բոլորս կանչուած ենք մեր ազգային, հայկական գանձերը պահպանելու, ապա ակնարկելով Թարգմանչաց տօնին (որ միայն օր մը առաջ էր), Առաջնորդ Սրբազան հայրը նշեց, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ քրիստոնէութիւնը բերաւ Հայաստան, իսկ Հայ Եկեղեցւոյ Թարգմանչաց սերունդը հայացուց քրիստոնէութիւնը եւ նկարագիր ու ինքնութիւն շնորհեց հայ ժողովուրդին՝ հիմնելով դպրոցներու ցանց, ծաւալելով հոգեւոր, ազգային եւ կրթամշակութային գործունէութիւն, որ շնորհիւ ազգի նուիրեալ զաւակներու, մինչեւ օրս հայ կեանքէն ներս կը շարունակուի սերունդէ սերունդ եւ իր խօսքի աւարտին շնորհաւորեց եկեղեցւոյ տօնն ու ներկայ հաւատացեալները՝ անսասանութեան աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած եւ հայրական իր մաղթանքները բաշխելով բոլորին: Յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան հայրը եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարեց մատաղի օրհնութիւն, ապա հաց կիսեց Հոգաբարձութեան հետ:

Յայտնենք նաեւ, որ նոյն օրը, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան պաշտօն, Համազգայինի Արեւմտեան շրջանի ննջեցեալ անդամ-անդամուհիներու հոգւոց խաղաղութեան համար:

Close Menu

Categories