
Կիրակի, 11 Հիկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ներկայ եղաւ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի՝ «Տաղլեան» սրահին մէջ կազմակերպուած տարեկան Կալա-ճաշկերոյթին եւ աւուր պատշաճի խօսք արտասանեց՝ գնահատելով Հայ Դատի յանձնախումբի տասնամեակներու գործունէութիւնը, յանուն ամերիկահայ համայնքի առաւել ուժեղացման եւ նորանոր յաջողութիւններու ձեռքբերման:
Իր տարեկան ձեռնարկին, Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ պատուեց հայկական բոլոր վարժարանները եւ անոնց տնօրէններուն նուիրեց «Գաբրիէլ Ինճէճիկեան» մրցանակ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Առաջնորդ Սրբազան հօր սրտի խօսքը, լուսարձակի տակ առնելով հիմնական բաժինները.-
«Ամերիկահայ շարունակական սերունդներու համար, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ ANCA-ը, Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան շրջանին մէջ, կազմակերպութենէն մը շատ աւելին եղած է: Անիկա հայ համայնքին ձայնն է՝ այս երկրի նահանգային եւ տեղական իշխանութիւններու ատեաններէն ներս եւ անսասան ջատագովը, հայ ազգի արդարութեան պայքարի ճամբուն վրայ։
Հայ Դատի յանձնախումբը, անցնող տասնամեակներու ընթացքին, աշխատանք տարաւ, որ ամերիկահայ համայնքը ո՛չ միայն ներկայութիւն դառնայ ամերիկեան քաղաքական դաշտի վրայ, այլեւ դառնայ մեր համայնքին լսելի ձայնը եւ քաղաքական բեմի վրայ պատշաճօրէն ներկայացուի՝ ընտրողներու արձանագրութեան արշաւներու, քաղաքացիական աշխուժութեան, համայնքային նախաձեռնութիւններու թէ ընտրովի պաշտօնեաներու հետ հաստատուած արդիւնաւէտ կապերու միջոցով:
Աւելի՛ն. ANCA-ը մեր համայնքի հաւաքական մտահոգութիւնները յաջողեցաւ վերածել քաղաքական հզօր ձայնի, որ հետզհետէ աւելի եւ ուժեղացած է, ազդեցութեան շրջանակը՝ ընդլայնուած, իսկ իր գոյութեան իմաստը՝ խորացած, մանաւանդ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջատիրութենէն մինչեւ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ ցեղասպանութեան մասին կրթութեան խթանումը:
Ամերկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հետեւողականօրէն կը շարունկէ աշխատիլ, որ մեր ազգի պահանջատիրութիւնը չմոռցուի եւ չուրացուի, որպէսզի ապագայ հայ սերունդները ժառանգեն ո՛չ միայն ճշմարտութիւնը, այլեւ նոյն այդ ճշմարտութիւնը պաշտպանելո՛ւ պատասխանատուութիւնը։
Հաւանաբար, ANCA-ի մեծագոյն յաջողութիւնն ու ձեռքբերումը այս պէտք է համարել. մեր ժողովուրդին ցաւոտ պատմութիւնը վերածել քաղաքացիական մասնակցութեան եւ արդարութեան ու քաղաքական ներկայացուածութեան նկատմամբ կայուն ու ամուր յանձնառութեան։
Այսօր, ANCA-ի Արեւմտեան շրջանը լաւագոյն վկայութիւնն է այն մասին, թէ մեր միասնական համայնքը ինչպիսի՛ յաջողութիւններ արձանագրած է եւ կը շարունակէ արձանագրել։ Որովհետեւ, սիրելի ներկաներ, երբ մեր ձայները կը միանան, անոնք սովորական կոչէ մը շատ աւելի զօրաւոր կը դառնան: Կը դառնան յանուն արդարութեան կոչ եւ անպայմա՛ն կը վերածուին փոփոխութիւններու հզօր ուժի: Հաւատա՛նք մեր միասնական ուժին եւ գործենք Հայ Դատի յանձնախումբի ծրագիրներու յաջողութեան ի խնդիր»:






