Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նախագահեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Վաթսունամեակի Ճաշկերոյթին

By October 22, 2026No Comments

Շաբաթ, 17 Հոկետեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, նախագահեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 60-ամեակին նուիրուած շքեղ ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ համայնքի զաւակներու, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներու, բարերարներու, բարեկամներու եւ հիւրերու:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր ուշադրութիւնը սեւեռեց Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքի կեանքը զարգացման եւ բարելաւման մղող նիւթական եւ բարոյական նուիրուածութեան վրայ եւ գնահատանքով նշեց, որ շրջանի վերջին 60 տարուան կեանքին մէջ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին առանցքային դեր կը կատարէ տեղւոյն հայ համայնքի կազմակերպման եւ բարգաւաճման կարեւոր գործին մէջ՝ հիմք ունենալով ծառայողներու եւ նուիրեալներու յաջորդական փաղանգներ, որոնք օրին, հիմնեցին հայկական ծուխ ու դպրոց, որպէսզի հայ կեանքը այս ափերուն վրայ ընթանայ համայնքային կենցաղով եւ դառնայ ներկայութիւն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զանազան մարզերէն ներս:

Խօսքը ուղղելով սրահը լեցուցած մեծաթիւ երիտասարդներուն, Գեղամ Արքեպիսկոպոս համայնքի կեանքէն ներս երիտասարդութեան ներկայութիւնը համարեց կարեւոր գործօն եւ օրհնութիւն, ապա իր ուրախութեան բաժնեկից դարձուց ներկաները եւ այս առիթով կատարեց հայրական շինիչ խորհրդածութիւններ:

Յայտնենք, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքի հիմնադրութեան 60-ամեակի ճաշկերոյթի գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի շրջանաւարտներ, որոնցմէ Զեփիւռ Գասպարեան կատարեց ճաշկերոյթի բացման խօսքը, իսկ վարժարանի 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու աշակերտներ ներկայացուցին խմբական արտասանութիւն:

Յոբելեար եկեղեցւոյ եւ համայնքի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած խտասալիկի ցուցադրութենէն ետք, Հոգաբարձութեան անունով պաշտօնական խօսք արտասանեց ատենապետը՝ Տիար Մաթօ Սենեքերիմեան, իսկ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան, արժեւորեց եկեղեցւոյ անցած ուղին՝ յիշելով բոլոր նուիրեալ հովիւները, հոգաբարձուները, Տիկնանց միութեան անդամներն ու կամաւոր նուիրեալները, բարերարներն ու բարեկամները, որոնք, կեանքի շարունակականութեան հիմունքով, իրենց ժամանակին ստանձնեցին պատասխանատուութիւններ՝ իրենց նիւթական ու բարոյական ծառայութիւնը հաւատքով եւ սիրայօժար կամքով նուիրելով շրջանի հայութեան հոգեւոր ու ազգային կարիքներու բարելաւման նպատակին, ապա գնահատեց ներկայ կազմին նուիրեալ անդամները, անոնց անխոնջ աշխատանքն ու իրագործումները եւ այս առիթով շնորհաւորեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքն ու համայն հայութիւնը՝ մաղթելով յաղթական նոր վաթսունամեակներ:

Երեկոյթի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հօր ձեռամբ, գնահատանքի յատուկ յուշատախտակներ ստացան Տեարք՝ Լիօ Տոնեան եւ Օհաննէս Սրկ. Պալեան, Սան Ֆրանսիսքոյի հայութեան եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ իրենց ունեցած ծառայական վաստակի եւ ցուցաբերած նուիրուածութեան համար: Ճոխ երեկոն իր աւարտին հասաւ մոմավառութեամբ եւ փակման աղօթքով: