
Հինգշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալեց “Together” ընկերաբա-րեսիրական կազմակերպութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ` փաստաբան Տիար Յակոբ Յակոբեանը, ընկերակցութեամբ կողակիցին` Տիկին Անժելա Յակոբեանի։
Հանդիպման ընթացքին ծաւալեցաւ մտերմիկ զրոյց՝ սուրիահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն մասին, ապա Տիար Յակոբեան Առաջնորդ Սրբազան հօր ներկայացուց “Together” կազմակերպութիւնը, խօսեցաւ անոր ընկերային ու բարեսիրական բնոյթին մասին եւ լրացուցիչ տեղեկութիւններ փոխանցեց կազմակերպութեան ցարդ իրագործած ծառայութիւններուն եւ ընդհանուր գործունէութեան վերաբերեալ՝ նշելով, որ հաստատութիւնը նաեւ կը գործակցի Սուրիոյ բոլոր համայնքներուն հետ։
Առաջնորդ Սրբազան hայրը գնահատեց “Together” կազմակերպութեան մարդասիրական ծառայութիւններն ու ծրագիրները, ապա հայկական գաղութներու նկատմամբ Արեւմտեան Թեմի կողմէ ցուցաբերուած ուշադրութեան ակնարկելով՝ նշեց, որ ի պատիւ այս Թեմին, Միջին Արեւելքի հայաշատ գաղութներ, յատկապէս Լիբանան եւ Սուրիա, անընդմիշտ վայելած են մեր շրջանի զօրակցութիւնն ու նիւթաբարոյական աջակցութիւնը պատերազմական տարիներուն եւ տնտեսական տագնապալի օրերուն, ապա իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց զոյգին, կատարեալ յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն մաղթելով իրենց, “Together” կազմակերպութեան աշխատանքներուն, ապա խաղաղ երկինք մաղթեց Միջին Արեւելքի երկիրներուն:
Նշենք, որ “Together” կազմակերպութիւնը Սուրիոյ մէջ կը վայելէ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի հովանաւորութիւնը։




