
Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի հիւպատոսութեան հրաւէրով ներկայ եղաւ պաշտօնական ընդունելութեան մը, որ տեղի ունեցաւ հիւպատոսութեան շէնքին մէջ, ներկայութեամբ բարձրաստիճան բազմազգի պաշտօնատարներու, Հոգեւոր պետերու, զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, ղեկավարներու եւ հիւրերու:
HOUSE OF LEBANON-ի մէջ Գեղամ Արքեպիսկոպոս շնորհաւորեց Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի պետութեան ներկայացուցիչ՝ Գլխաւոր Հիւպատոս Տիար Շարպէլ Նասսարն ու աշխատակազմը եւ Լիբանան հայրենիքին ու ժողովուրդին մաղթեց խաղաղութեան ամրապնդում, ինքնիշխանութեան հզօրացում, ազատ եւ անկախ ապրելու ձգտումի շուտափոյթ իրագործում, ապա, ի շարս այլոց, մասնակից դարձաւ այս առիթով պատրաստուած խորհրդանշական կարկանդակի՝ Գլխաւոր Հիւպատոսի ձեռամբ հատման արարողութեան:




