
Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը՝ 1970-ականներուն Լիբանանի Ազգ. Կիլիկեան վարժարանի, իսկ վերջին տասնամեակներուն՝ Լա Քրէսենթայի Ազգ. Շամլեան վարժարանին մէջ հայոց լեզուի դասատու եւ վաստակաւոր ուսուցչուհի՝ հանրածանօթ Օրդ. Անի Պէրպէրեանը, որ Գոհաբանութեան տօնին առիթով եկած էր իր սրտագին շնորհաւորանքները հաղորդելու իր նախկին սան՝ Գեղամ Արքեպիսկոպոսի: Օրիորդ Պէրպէրեանի կ՛ընկերակցէր՝ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի նախկին փոխ տնօրէնուհի՝ Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեան:
Քանի մը տասնամեակ ետք տեղի ունեցող այս անակնկալ հանդիպումը հաճելին ու օգտակարը միացուց իրարու, յատկապէս երբ երէկուան աշակերտ, այսօրուան Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր դպրոցական յիշողութիւնը քրքրելով յատկանշական դրուագներ պատմեց իր սիրելի ուսուցչուհիին մասին եւ, փոխադարձաբար, անկէ լսեց հաճելի պատումներ՝ իր ուսուցչական ասպարէզին առնչուող, ապա իբրեւ յարգանքի ու գնահատանքի ժեսթ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս ընկերակցեցաւ իր հիւրերուն եւ զանոնք առաջնորդեց Ազգ. Շամլեան վարժարան, ուրկէ Օրդ. Պէրպէրեան բաժնուած էր 2020-ի համաճարակի օրերուն, ուսուցչական քսանամեայ ծառայութենէ մը ետք:
Ազգ. Շամլեան վարժարանին մէջ, Օրդ. Պէրպէրեան ծանօթացաւ ներկայ տնօրէնութեան, հանդիպում ունեցաւ իր նախկին գործակիցներուն, ուսուցչուհիներուն եւ աշակերտութեան հետ, ապա Առաջնորդ Սրբազան հօր հետ շրջագայեցաւ վարժարանին նոր բաժինները եւ այս առիթով իր հիացումն ու գնահատանքը փոխանցեց Գեղամ Արքեպիսկոպոսի եւ իր կարգին, այս առիթով ստացաւ անոր հայրական օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները:







