
Չորեքշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Տիար Մանուկ Ջուխաճեանի: Պատուիրակութիւնը եկած էր պաշտօնապէս հրաւիրելու Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Համազգայինի տարեկան մշակութային ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ 13 Հոկտեմբեր 2024-ին: Վերջին տարիներուն աւանդութեան վերածուած տարեկան այս ընդունելութիւնները նաեւ կը նպատակադրեն հանգանակութիւն՝ ի նպաստ Համազգայինի սեփական կեդրոնի գնման ծրագրին: Յատուկ հրաւէր ուղղուած էր նաեւ Ազգային Վարչութեան:
Հանդիպման ընթացքին հիւրերը` Առաջնորդ Սրբազան Հօր փոխանցեցին շրջանին մէջ Համազգայինի մշակութային առաջին սեփական կեդրոնը գնելու նախաձեռնութեան եւ տարուած աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ` յոյս յայտնելով, որ մշակութասէր հանրութիւնը իր աջակցութիւնը չի զլանար Համազգայինին, որ իր ուժերը զօրաշարժի ենթարկած՝ կը ձգտի իրականութիւն դարձնել սեփական կեդրոն ունենալու տարիներու իր տեսիլքը՝ շրջանին մէջ մշակութային ու դաստիարակչական զանազան մակարդակի իր գործունէութիւնը աւելի օգտաւէտ ու նպատակայարմար ձեւով վարելու համար:
Գեղամ Արքեպիսկոպոս կարեւորութեամբ ընդգծեց Համազգայինի առաքելութեան անխափան շարունակումը աշխարհատարած ու մանաւանդ Լոս Անճելըսի պէս հայահոծ գաղութի մը կեանքին մէջ, միաժամանակ ցաւ յայտնեց, որ աւելի քան կէս դարու պատմութիւն ունեցող Համազգայինը հայահոծ այս տարածքին մէջ ցարդ չէ յաջողած ունենալ իր սեփական տունը, ապա խրախուսեց պատուիրակութիւնը, որ անվհատ, այլեւ ի գործ դրած իր ջանքերուն եւ ուժերուն գերլարումովն իսկ առաջ նետուի եւ հաւաքական զօրակցութեամբ իրականացնէ մշակութային կեդրոնի մը գնման ծրագիրը, որ ոչ միայն մէկ երդիքի տակ պիտի խմբէ Համազգայինի մեծ ընտանիքը, այլեւ նորոգ մղիչ ուժ պիտի հանդիսանայ իր մասնաճիւղերուն եւ արհեստագիտական միաւորներուն, որպէսզի աւելի եւս բարգաւաճին եւ հայկական շունչով լեցնեն գաղութի ներքին կեանքը:
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ գոհունակութեամբ յայտարարեց, որ Ազգ. Վարչութեան հետ համախոհաբար, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան այս յոյժ կարեւոր ծրագիրին կը զօրակցի 25 հազար տոլարով, ապա կոչ ուղղեց համայնքի բոլոր զաւակներուն, որ յանուն վաղուան հայ առողջ սերունդներու, ամէն ոք կարելի չափով ու միջոցներով իր քսակը լայն բանայ ազգանուէր գործունէութիւն վարող, այլեւ մշակութային ու կրթական նպատակներ իրականացնող տեղւոյն Համազգայինի մեծ ընտանիքին ընդառաջ, յատկապէս խիստ կարեւոր այս հանգրուանին: