Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Գնահատագիր Շնորհեց «Արարատ-Էսքիճեան» Թանգարան Եւ Հետազօտական Կեդրոնի Հիմնադիր Տնօրէնուհի՝ Տիկին Մակի Մանկասարեան-Գոշինի

By September 18, 2026No Comments

Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի, հիւրաբար ներկայ եղաւ «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարան եւ հետազօտական կեդրոնի հիմնադրութեան երեսնամեակի հանդիսութեան եւ այս առիթով գնահատագիր շնորհեց հայ տարեցներու «Արարատ Տուն» ապաստարանի հովանաւորութիւնը վայելող «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարան եւ հետազօտական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն՝ Տիկին Մակի Մանկասարեան-Գոշինի, որուն մասին, գնահատանքի գիրին մէջ արձանագրուած էր հետեւեալը.

«Շնորհիւ Ձեզի, Տիկին Մանկասարեան-Գոշին, անցնող տարիներուն, պատուաբեր այս կեդրոնը նաեւ գործակցութեան ողջունելի կամուրջներ հաստատեց Հայաստանի, հայկական Սփիւռքի եւ աշխարհի հայ ու օտար գիտնականներու, պատմաբաններու, հետազօտողներու եւ ակադեմական շրջանակներու հետ՝ հայրենական, ազգային ու համամարդկային նշանակութիւն ունեցող պատմամշակութային հարստութիւն մը ժառանգ թողելով հայութեան ներկայ եւ գալիք բոլոր սերունդներուն համար»:

«Յատկապէս ա՛յս առումով բարձր կը գնահատենք Ձեր ազգանուէր գործունէութիւնը, որ տարաբախտ մեր նախնիներու կեանքին եւ դաժան ճակատագիրին վրայ լոյսի շերտեր ցանելով՝ գիտահետազօտական մակարդակի կը բարձրացնէք հայութեան բեկորային կեանքէն փրկուած գրութիւններ, փաստաթուղթեր, լուսանկարներու պատառիկներ եւ հնագոյն կամ օգտագործեալ իրեր եւ անոնց կու տաք վերակազմեալ կենսագրութիւն, պատմական խորք ու կնիք՝ այսպիսով առաւել եւս խթանելով բռնագրաւուած Արեւմտահայաստան հայրենիքի եւ սպանդ ու նախճիր ապրած արեւմտահայութեան եւ կիլիկեցի տարագիր սերունդներու եւ անոնց յաջորդներուն պահանջատիրական երակն ու ապրելու կամքը, նոր ժամանակներու լոյսին տակ»:

Իր խօսքին մէջ նաեւ գնահատելով «Արարատ Տան» ատենապետ՝ Տիար Ժոզէֆ Կանիմեանի, անդամներուն եւ ծառայողներուն գործունէութիւնը՝ լոսանճելըսահայ տարեցներուն վերջալուսային խաղաղ կեանք շնորհելու իրենց բծախնդիր մօտեցման մէջ, Առաջնորդ Սրբազան հայրը նաեւ ընդգծումով կարեւորեց «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարան եւ հետազօտական կեդրոնի բերած նպաստը՝ հայութեան ազգային, մշակութային եւ կրթական ու դաստիարակչական մարզերէն ներս, հաստատութեան եւ անոր յարակից մասերուն մաղթեց անխաբան շարունակականութիւն եւ վերելք, իր հայրական օրհնութիւնները բաշխելով բոլորին:

Close Menu

Categories