Այսու խստօրէն կը դատապարտենք Ուրբաթ, 24 Յուլիսի կանուխ ժամերուն՝ Սան Ֆրանսիսքոյի մեր Ազգ. Գռուզեան Զաքարեան Վասպուրական Վարժարանի վրայ գործադրուած ատելավառ խափանարարութիւնը, որ արտայայտուեցաւ դպրոցին ու անոր կից «Խաչատուրեան» Հայ Կեդրոնի շրջափակի պատերուն վրայ ազրպէյճանական անբարոյ ու հայատեաց լոզունգներով։
Մեր արդարատենչ պայքարի ճամբուն վրայ, քանիերորդ անգամ ըլլալով, Խանասորէն մինչեւ Արցախի քառօրեայ պատերազմն ու ընթացիկ ամսոյս Հայաստանի հիւսիս արեւելեան սահմանագլխին Տաւուշի վրայ Ազրպէյճանի նորագոյն յարձակումը, եկան հաստատելու թէ նման ոտնձգութիւններ ու խափանարարութիւններ գործադրողները կը մնան հարազատ ժառանգորդները թրքաբարոյ իրենց նախնիներուն եւ իրենց ատելութիւն սերմանող արարքները կը փոխադրեն ամէնուրեք, ուր հայը իր անկորնչելի իրաւունքներու վերատիրացման երթը կը շարունակէ անխախտ հաւատքով եւ անվհատ կամքով։
Սան Ֆրանսիսքոյի մեր կրթօճախին վրայ կատարուած խափանարարութիւնը դատապարտեց նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի ընդհանուր դատախազը, որ զայն նկատեց ատելավառ ոճիր, հաստատելով որ պիտի քննուի իբրեւ այդպիսին։
Այս առիթով գոհունակութիւն կը յայտնենք, որ մեծաթիւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ ու գործակից կազմակերպութիւններ մեր եւ հայ համայնքի կողքին են ու կը դատապարտեն այս ոճիրը։
Օրինական տնօրինումներու ու պատժամիջոցներու մեր պահանջին մէջ կը մնանք անդրդուելի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ