
Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի պաշտօնական կայքէջը, տնօրինութեամբ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տօնոյեանի, հսկողութեամբ Ազգ. վարչութեան, վերջին քանի մը ամիսներուն ենթարկուեցաւ հիմնական վերանորոգութեան եւ այսօր՝ Հինգշաբթի, 18 Ապրիլ 2024-ին, կը վերադառնայ առցանց գործունէութեան՝ վերաթարմացած բովանդակութեամբ, բարձրորակ պատրաստութեամբ, աւելի գրաւիչ տեսքով ու մատուցման նորատիպ եղանակով:
Կայքէջի վերանորոգութեան աշխատանքները բծախնդիր հետեւողականութեամբ իրականացուցին Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան եւ Բարշ. Ալեքս Սրկ. Գալայճեան, իսկ մասնագիտական կիրարկումը կատարեց Caspian Services ընկերութիւնը: Յիշեցնենք, որ Ազգ. Առաջնորդարանի վերաթարմացած կայքէջը կը գործէ նոյն հասցէով՝ www.westernprelacy.org: Ընթացքի մէջ է թարմացեալ նիւթերու տեղադրումը: