Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2023-ի կէսօրին, հրաւէրով Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Ազգ. վարժարաններու երկրորդական կարգի աշակերտները Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հաղորդ դարձան Ս. Ծննդեան տօնը խորհրդանշող «Հրաշափառ Ծննդեան փառահեղ աւետում» համերգին, որ օր մը առաջ, երեկոյեան, ներկայացուած էր հանրութեան, նոյն եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանի, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի, հովանաւորութեամբ «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամի, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Հ.Հ. վաստակաւոր արթիսթ, թենոր Պերճ Քիրազեանի, մասնակցութեամբ մասնագէտ երաժիշտներու, նուագողներու, Համազգայինի «Նայիրեան» երգչախումբին եւ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի Բ. կարգի աշակերտներուն:
Աշակերտական ունկնդրութեան բացման խօսքը կատարեց Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ մարմինի գործավար Տիկին Թամար Թիւֆէնքեան եւ վեր առաւ նման որակաւոր համերգներու ներկայ ըլլալու կարեւորութիւնը՝ աշակերտական տարիքի հայ տղոց ու աղջիկներու կեանքին մէջ:
Յայտնենք, որ աշակերտները ըմբոշխնեցին որոշ յապաւումի ենթարկուած «Հրաշափառ Ծննդեան» համերգը, եւ դահլիճէն աշխուժ մասնակցութիւն բերին եկեղեցւոյ դասէն հնչող ծանօթ երգերու կատարումներուն, ապա բուռն ծափերով գնահատեցին Առաջնորդ Սրբազանի կողմէ իրենց մատուցուած աննախընթաց այս «նուէր»ը՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներու առիթով: