Լիբանանի վերջին ծանօթ իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, առ ի զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն Լիբանանահայութեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը կը յայտնեն, թէ Ազգային Առաջնորդարանը քսանհինգ հազար ($25,000.00) տոլարի յատկացում մը կը տրամադրէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Լիբանանի Հայոց Թեմին, ընկերային ծառայութեանց կարիքներուն համար։
Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, թէ «Հայկական ոեւէ գաղութի դիմագրաւած տագնապը, մեր բոլորի տագնապն է, որ միշտ ալ հայութեան միասնական, միահամուռ ու անմիջական ուշադրութեան առարկան եղած է», եւ յոյս յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը այս անգամ եւս իր զօրակցութիւնը պիտի արտայայտէ Լիբանանահայութեան օգնելու։