Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Հինգշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2021-ի կէսօրին, ‘Brandview Ballroom’-ի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինի կազմակերպած Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Ճաշկերոյթ-տօնավաճառը, հիւրընկալութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարուհիներէն Տիկին Մարօ Ֆերմանեանի, ներկայութեամբ մեծաթիւ տօնախմբողներու, բարեկամ, համայնքի ներկայացուցիչ եւ բարերար հայուհիներու:
Ճաշկերոյթ-տօնավաճառի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Տիկնանց Օժանդակ մարմինի անդամ Մարալ Գլըճեան, իսկ հանդիսավարութիւնը կատարեց Մարմնի փոխ ատենապետուհի Սօսի Կէօքկէօզեան, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր՝ հովանաւորութեան համար, ապա Տիկին Ֆերմանեանի՝ հիւրընկալութիւնը ստանձնած ըլլալուն համար եւ ներկաներուն փոխանցեց կազմակերպիչ Մարմինի ուրախութիւնը այն մասին, որ պսակաձեւ ժահրի տարածման պատճառով թէեւ կարելի չեղաւ անցեալ տարի կազմակերպել աւանդական այս ձեռնարկը, սակայն այս տարի ճիգ թափուեցաւ, որ ձեռնարկը ամէն գնով տեղի ունենայ:
Սեղաններու օրհնութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկաները, բարձր գնահատեց բոլորին զօրակցութիւնը եւ յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրընկալ Տիկին Ֆերմանեանի՝ իր բարի կամեցողութեան ու ազնիւ նուիրատուութեան համար եւ այս առիթով անոր նուիրեց գնահատանքի յատուկ յուշատախտակ, ապա բարձր գնահատեց Տիկնանց Օժանդակ մարմինի ծառայական ոգին ու կամաւոր նուիրուածութիւնը, Ազգ. Առաջնորդարանի յաւելեալ բարգաւաճման ի խնդիր:
Ձեռնարկին զուարթ մթնոլորտը յաւելեալ ուրախութիւն հագաւ Յովհաննէս Պալեանի կողմէ մեկնաբանուած հայկական փունջ մը երգերու շնորհիւ, մինչ կազմակերպիչ Մարմինը ծաղկեփունջով պատուեց հիւրընկալ բարերարուհին:
Յայտնենք, որ սրահին շուրջ հաստատուած էին կրպակներ, ուր կը վաճառուէին տօնական օրերու յատուկ նուէրներ, մինչ կաղանդ պապային ժամանումը սրահ, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու ցնծութեամբ լեցուց ներկաներուն սրտերը, իսկ ոգեւորուած ներկաները կատարեցին գնումներ եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Տօնական տիրող մթնոլորտէն ներշնչուած, Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարուհիներէն Տիկին Վալենթին Սարաֆեան ստանձնեց Տիկնանց Օժանդակ մարմինի յառաջիկայ տարուան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ձեռնարկի հիւրընկալութիւնը: