Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, կազմակերպութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի եւ հիւրընկալութեամբ բարերարուհի Տիկին Վալենթին Սարաֆեանի, Կլենտէյլի «Անոյշ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի աւանդական Տօնավաճառ-ճաշկերոյթը, որուն ներկայ եղան Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգ. վարչութեան անդամ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան, հիւրընկալ բարերարուհիին ընտանեկան պարագաները, բարերարներ, նուիրեալ հայուհիներ եւ հիւրեր:
Տօնավաճառ-ճաշկերոյթի հանդիսավարն էր Ազգ. Առաջնորդարանի ԿԻԼԻԿԻԱ պաշտօնաթերթի խմբագիր Սեդա Գրիգորեան, որ բացման խօսքէն ետք հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ օրհնելու սեղանները եւ փոխանցելու իր պատգամը: Թորգոմ Եպիսկոպոս Աստուծոյ փառք տալէ ետք, ներկաները հրաւիրեց միասնաբար հնչեցնելու Տէրունական Աղօթքը, ապա փոխանցեց գօտեպնդող պատգամ, որուն ընթացքին գնահատեց կազմակերպիչ Մարմինի բծախնդիր ու տքնաջան աշխատանքն ու իւրաքանչիւր անդամի բարձրակորով ոգին եւ ցուցաբերած աջակցութիւնը, Ազգ. Առաջնորդարանի մարդասիրական ծրագիրներու յաջողութեան ի նպաստ:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Տիկին Վալենթին Սարաֆեան, որուն ուղղուած՝ Առաջնորդ Սրբազանի Օրհնութեան եւ Գնահատանքի յատուկ Գիրը ընթերցեց Տէր Ռազմիկ, իսկ Առաջնորդ Սրբազանը դրուատալից խօսքերով բարձր գնահատեց բարերարուհիին աստուածահաճոյ գործունէութիւնը, մարդասիրական ոգին, իր ունեցածէն ազգին ու եկեղեցիին լիաբուռն նուիրելու առաքինի կեցուածքը, ապա աղօթքով օրհնեց սեղանները:
Օժանդակ Մարմինի անունով խօսք առաւ Տիկին Սօսի Կէօքկէօզեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հակիրճ ակնարկ մը նետեց Ազգ. Առաջնորդարանի ամէնամեայ այս ձեռնարկի կարեւորութեան եւ Մարմինի կողմէ ցարդ իրականացուած ծրագիրներուն վրայ, գեղեցկօրէն յարդարուած սրահը լեցուցած աւելի քան 200 ներկաները հասու դարձնելով նաեւ Մարմինի բարեսիրական նոր ծրագիրներուն՝ յայտարարելով, որ ձեռնարկին ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի Ազգ. Առաջնորդարանի հետապնդած մարդասիրական նպատակներուն:
Յայտնենք, որ գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի երկրորդական կարգի աշակերտներ, որոնք տօնական յատուկ տարազներով ու երգերով աւելի եւս գեղեցկացուցին պահը, սեղան առ սեղան շրջեցան եւ մատուցեցին Ամանորի ու Ս. Ծննդեան երգեր, իսկ երիտասարդ քանոնահարուհի Նեկտար շարունակեց խանդավառել ձեռնարկը իր հայկական նուագներով ու երգերով, մինչ Կաղանդ Պապային հաճելի ներկայութիւնը ջերմութեամբ լեցուց բոլորին սրտերը, իսկ ներկաները իրենց գնումներն ու նուիրատուութիւնները շարունակեցին կատարել մինչեւ ուշ յետմիջօրէ, մէկ կողմէ՝ սրահը եզերող կրպակներէն պէս-պէս նուէրներ գնելով, իսկ միւս կողմէ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի ծրագիրներուն իրենց առատաձեռն զօրակցութիւնը բերելով: