Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Ամանորեայ Ճաշկերոյթ-Տօնավաճառ

By December 12, 2024No Comments

«Հայ Մայրը, Հայ Քոյրն ու Հայ Կինը Զարդարանքն են
Մեր Ընտանիքներուն եւ Մեր Ազգային Աւանդութեանց
Պահապան Հրեշտակները», Ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը

Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինին, հիւրընկալութեամբ Տիկին Դոկտ. Սոնա Գազանճեանի, Կլենտէյլի «Անոյշ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի աւանդական ճաշկերոյթ-տօնավաճառը, որուն ներկայ եղան Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան, ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի՝ Տիկին Քրիստին Խանճեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մարդասիրական ծրագիրներուն քաջալեր հանդիսացող կամաւորներ, բարերարներ եւ հիւրեր, թիւով մօտաւորապէս 200 հոգի:

Կազմակերպիչ Մարմինի անունով բացման խօսքը կատարեց փոխ ատենապետուհի՝ Տիկին Սօսի Կէօքէօզեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Գեղամ Արքեպիսկոպոսի, իր անդրանիկ նախագահութեան համար Տիկնանց Օժանդակ մարմինի աւանդական այս ձեռնարկին, ապա երախտագիտական խօսքեր հնչեցուց ուղղուած Ազգ. վարչութեան, հիւրընկալներուն, հին եւ նոր բարերարներուն եւ բոլոր ներկաներուն՝ նշելով, որ Մարմինը այս ձեռնարկին ընդմէջէն նաեւ իր աղօթքները հասանելի կը դարձնէ սրահը լեցուցած շարք մը հայ տիկիններու, մեծ մայրերու, մայրերու եւ քոյրերու ծննդավայրները հանդիսացող, իսկ ներկայիս ծանրագոյն ճգնաժամ դիմագրաւող Լիբանանի եւ Սուրիոյ հարազատներուն, անոնց մաղթելով յաւելեալ քաջութիւն եւ խոհեմութիւն՝ նուազագոյն ցնցումներով դիմագրաւելու համար իրենց ապրած երկիրներուն մէջ տիրող ծանր իրավիճակը:

Այնուհետեւ, աղօթական մթնոլորտի մէջ ներկաները հետեւեցան Գեղամ Արք. Խաչերեանի առաջնորդական պատգամին, որուն միտք բանին կազմեցին հայ կինն ու իբրեւ մայր եւ քոյր անոր բերած բարոյական նպաստը հայ ընտանիքի, շրջապատի եւ ազգի կեանքէն ներս:

Հիմնուելով հայ կնոջ աւանդական կերպարին վրայ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս հայ կնոջ կերպարը արժեւորեց իբրեւ հայոց կեանքի զարդարանքը՝ անցեալ դարերէն մինչեւ այսօր, ապա եւ իր խօսքը կամրջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի՝ 2025 տարեշրջանը «աւանդութիւններու վերապրեցման տարի» կոչման, հայ մայրերու եւ քոյրերու մարդկային բարեմասնութիւններուն կողքին ան նաեւ անդրադարձաւ հայ կնոջ աստուածատուր շնորհներուն՝ պահապան հրեշտակներու պէս հայոց դարաւոր աւանդութիւններն ու անոնց ոգին միշտ թարմ պահել-պահպանելու առումով, թէ նոր ժամանակներու շունչով մինչեւ մեր ներկայ օրերը զանոնք վերապրեցնելու իր էութենական զօրութեան ու իր կողմէ ի գործ դրուած ճիգին եւ այս իմաստով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց սրահը լեցուցած հայ կանանց առինքնող կերպարն ու շնորհաշատ ներկայութիւնը ազգի կեանքին մէջ:

Գնահատանքի ջերմ խօսքեր ուղղելէ ետք նաեւ օրուան հիւրընկալ Դոկտ. Գազանճեանի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը լաւագոյնս արժեւորեց այն հեւքն ու ջանքը, զորս Տիկնանց Օժանդակ մարմինի անդամներն ու կամաւոր ձեռքեր գործադրած էին՝ գեղեցկօրէն զարդարելով սրահը, բծախնդրօրէն կազմակերպելով ճաշկերոյթն ու տօնավաճառը, որմէ նաեւ գնումներ կատարեցին պատուարժան հայուհիները, որոնցմէ շատեր նաեւ իրենց լուման զետեղեցին Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինի տարեկան հանգանակութեան գանձարկղին մէջ:

Հուսկ, Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի երկրորդական կարգի աշակերտական խումբ մը, արդէն աւանդութեան վերածուած, Ս. Ծննդեան երգերով շրջեցաւ սեղանները, խանդավառեց ներկաները, դիմաւորեց Կաղանդ պապան, ինչպէս նաեւ երգ ու պարով թեւանցուկ պտոյտներ կատարեց հետը՝ երիտասարդական աւիւնով ու տօնական հնչեղութեամբ լեցնելով սրահ ու սրտեր, առաջնորդութեամբ վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի՝ Տիկին Լուսինէ Մելիքսէթեանի:

Յայտնենք նաեւ, որ օրուան գեղարուեստական յայտագիրին հայկական երգերով իր մասնակցութիւնը բերաւ արհեստավարժ մեկնաբան Տիար Վահէ Կարապետեան, ընկերակցութեամբ Քրիստին Յովանի:

Close Menu

Categories