Ուրբաթ, 13 Մայիս 2022-ի առաւօտեան, Ազգ. Առաջնորդարան այցելեցին եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ հանդիպում ունեցան Օրէնճ Քաունթիի Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան նախակրթարանի 5 եւ 6-րդ կարգերու աշակերտները, ընկերակցութեամբ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի, վարժարանի տնօրէնուհի՝ Անի Շահինեան-Սարգիսեանի, ուսուցիչներու եւ ծնողներու:
Ազգ. Առաջնորդարանի Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահին մէջ պատանի աշակերտները Առաջնորդ Սրբազան Հօր ի պատիւ ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ ընդգրկեց խմբական արտասանութիւն եւ երգեր, ապա փոքրիկ այցելուները Սրբազան Հօր նուիրեցին յուշանուէր մը:
Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց աշակերտները՝ իրենց տարիքին բաղդատած բաւական բարդ կատարումներուն համար եւ շնորհաւորեց զիրենք՝ իրենց սորվելու պատրաստակամութեան եւ ճոխ յայտագրի ներկայացման առիթով: Ան նաեւ գնահատեց վարժարանի տնօրէնուհին եւ ուսուցիչները՝ իրենց ի գործ դրած ջանքին եւ հետեւողական աշխատանքին համար, ապա նոր սերունդի սիրասուն ներկայացուցիչներուն ուղղելով իր խօսքը՝ յորդորեց զանոնք հպարտանալու իրենց հայկական պատկանելիութեամբ, վարժարանով, հայերէն լեզուի իմացութեամբ եւ թելադրեց միշտ երգել ու պարել հայերէնով, որովհետեւ օտար լեզու գիտնալը աշխարհի բոլոր մարդերուն համար է, մինչ հայերէն գիտնալը, հայկական երաժշտութեամբ ու հայ արժէքներով ապրիլը հա՛յ աշակերտին տրուած շնորհ է, ըսաւ ան:
Հանդիպման աւարտին, Սրբազան Հայրը բոլորին բաշխեց վզի փայտեայ խաչեր, հայրական իր օրհնութիւններուն առընթեր: